2011-03-18 12:35:55

Գերիներու Փոխանակում Ազրպէյճան – Ղարաբաղ Սահմանին Վրայ։


Երէկ ազրպէյճանական – ղարաբաղեան սահմանին վրայ տեղի ունեցաւ գերիներու փոխանակում:
Կարմիր Խաչի Միջազգային կոմիտէին օժանդակութեամբ, Ազրպէյճանին յանձնուած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ գերի բռնուած ազրպէյճանական բանակի սպայ Անվար Հաճիեւ: Իսկ Հայկական կողմին յանձնուած է Տաւուշի շրջանի Հաղարծին գիւղի բնակիչ Արթուր Պատալեան-ը:








All the contents on this site are copyrighted ©.