2011-03-17 12:34:25

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի Պատգամը Իտալիոյ Քաղաքական Միութեան 150րդ Տարեդարձի առթիւ։


Այսօր 17 մարտ 2011 կը նշուի Իտալիոյ Քաղաքական Միութեան 150րդ Տարեդարձը։ Այս առթիւ Իտալիոյ զանազան քաղաքներու մէջ նախատեսուած են տօնախմբութիւններ։
Տօնախմբութեան բացման արարողութիւնը ունեցաւ Հռոմի Բիացցայ Վենեցիայի Վիթթորիանոյի Կոթողի մէջ, ապա Բանթէոնի մէջ ուր կը գտնուի իտալիոյ առաջին Թագաւորի Դամբանը որմէ ետք նաեւ Ճաննիգոլոյի Բլուրին վրայ ուր կը գտնուի Ճիուզեբբէ Կարիպալտիի արձանը։
Յետ միջօրէին Մոնթէչիթորիոյի մէջ նախատեսուած քաղաքական հանդիսաւոր տօնախմբութեան Իտալիոյ Նախագահ Ճորճիօ Նաբոլիթանոն խօսք պիտի ուղղէ Ազգային ժողովին ու իտալիոյ ժողովուրդին։ Այս հանդիպումին պիտի մասնակցի նաեւ Վատիկանի Պետական Քարտուղարը Կարտինալ Թարչիզիօ Պերթոնէն որ երեկ այցելութիւն կատարելով Իտալիոյ Նախագահական պալատը, նախագահ՝ Ճորճո Նաբոլեթանոյին յանձնեց Պենետիկտոս ԺԶ սրբազան քահանայապետին պատգամը իտալիոյ 150-րդ յոբելեանին առթիւ։
Նորին Սրբութիւնը, սոյն պատգամին մէջ, շնորհաւորելով իտալացի ժողովուրդը շեշտը դրած է քրիստոնէութեան եւ եկեղեցւոյ ունեցած կարեւոր դերին Իտալիոյ պատմութեան մէջ, միջնադարէն մինչեւ այսօր։ Կաթողիկէները մեծ դեր ունեցան Իտալիոյ քաղաքական միութեան իրականցման գործին մէջ - ըսած է նորին սրբութիւնը - յիշելով աշխարհահռչակ կաթողիկէներու անուններ ինչպէս՝ Ճոպերդի, Րոզմինի. Մանզոնի եւ նաեւ մեծ դաստիարակ Սուրբ Յովհաննէս Պոսգոն։ Նորին սրբութիւնը նաեւ մատնանշած է 1929-ին Լատերանեան Համաձայնութիւնը որ ծնունդ տուաւ ՜՜Վատիկանի Պետութեան՝՝ ու անոր յաջորդող համաձայնագիրերը ու մանաւանդ կաթողիկէներու տուած օժանդակութիւնը 1947ի՝ Իտալիոյ Հանրապետութեան Նոր Սահմանադրութեան շարադրումին։ Նորին Սրբութիւնը ապա հաստատած է թէ իտալիան հիմնուած է կրօնական քրիստոնէական արմատներու վրայ։
Եզրափակիչ տողերուն մէջ սրբազան քահանայապետը շնորհակալական խօսք կ՛ուղէ Իտալացիներուն որ պատմութեան ընթացքին որպէս պարտականութեան եւ առանձնաշնորհում իրենց հողամասի վրայ հիւրնկալած են - քրիստոնէութեան կեդրոն - Սուրբ Պետրոսի Յաջորդի Աթոռը ։Իտալացի ժողովուրդը դրականօրէն օժանդակած է եկեղեցւոյ որպէսզի ան կարենայ լաւագոյն կերպով կատարել իրեն յանձնուած առաքելութիւնը ըլլա՜յ Իտալիոյ մէջ ըլլա՜յ համայն աշխարհի ի նպաստ, կը կարդանք Նորին Սրբութեան պատգամին մէջ որով նաեւ կ՝ըսէ թէ ինք երախտապարտ է նաեւ Իտալական Պետութեան տուած թանկագին համագործակցութեան։ Ապա սրբազան քահանայապետը բաղձանք յայտնած է որ իտալացի ժողովուրդը միշտ առաջնորդուի հաւատքի լոյսով՝ որ է աղբիւրը յոյսի եւ ազատութեան` արդարութեան եւ խաղաղութեան ձգտումներուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.