2011-03-17 12:37:43

''Ոչ Հաւատացեալներու Գաւիթ''ի Առաջին Ժամադրութեան Ներկայացումը Մամուլին


կարտինալ Ռավազիի եւ հայր Լորան Մազաի 18 մարտին մամուլին կը ներկայացնեն ''Ոչ հաւատացեալներու Գաւիթ''ի առաջին ծրագիրը։ Արդարեւ առաջին հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ 24 եւ 25 մարտին՝ Փարիզի մէջ, կեդրոնը՜ ''Ոչ հաւատացեալներու Գաւիթ''ին։ Այդ առթիւ դասխօսութիւններ տեղի պիտի ունենան Ունեսքոյի կեդրոնը, Սորպոն համալսարանը եւ ֆրանսական կաճառին մէջ։ Նոյնպէս նախատեսուած է տօնակատարութիւն մը Փարիզի Աթոռանիստ եկեղեցւոյ հրապարակը եւ որուն ընթացքին Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը իր միջամտութիւնը պիտի բերէ լսատեսողական մեթոտի միջոցով։ ''Ոչ հաւատացեալներու Գաւիթ'' կոչուած հանդիպումին ու երկխօսութեան նպատակն է՝ ամրպանդել երկխօսութիւնը ոչ հաւատացեալներուն հետ։








All the contents on this site are copyrighted ©.