2011-03-17 10:57:21

Թանկարժէք Ժամացոյցներու Հաւաքածոյ Մը Նուէր՝ Անթիլիասի ՜՜Կիլիկիա՝՝ Թանգարանին։


Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ՙԿիլիկիա՚ թանգարանը աւելի եւս հարստացաւ թանկարժէք հին ժամացոյցներու հաւաքածոյով: Սոյն հաւաքածոն նուիրուեցաւ Միլանոյի (Իտալիա) մէջ հաստատուած ազգային բարերար Տէր եւ Տիկին Հրանդ Բամպակեանի կողմէ:

Յիշեալ հաւաքածոն կը բաղկանայ 73 թանկարժէք ժամացոյցներէ, որոնք կը պատկանին 16–19րդ դարերուն եւ կը կրեն այդ շրջաններու լաւագոյն վաճառանիշերը: Հանգուցեալ Հրանդ Բամպակեան մասնագէտ ըլլալով հին ժամացոյցներու անձամբ անոնց նկարահանումը կատարած է եւ ֆրանսերէն լեզուով մանրամասն տեղեկութիւններ հայթայթած իւրաքանչիւր ժամացոյցի մասին յատուկ քաթալոկով մը:

Արամ Ա. Կաթողիկոսի ներկայութեամբ յիշեալ ժամացոյցները զետեղուեցան ՙԿիլիկիա՚ թանգրանին մէջ, որուն նաեւ մէկ սրահին բարերարն է Հրանդ Բամպակեանը:

Վեհափառը հանգուցեալ բարերարի եղբօր՝ Վազգէնին ու տիկնոջ Վարդ Բամպակեաններուն գրած նամակին մէջ կ՝ըսէ. ՜՜ՙՅատուկ ուրախութեամբ կ’ուզենք Ձեզի յայտնել, որ Ձեր սիրելի եղբօր եւ Մեծի Տանն Կիլիիոյ Կաթողիկոսութեան սիրելի բարեկամ ու բարերար Հրանդին նուիրած թանկարժէք ժամացոյցները արդէն իսկ զետեղուած են Մայրավանքի ՙԿիլիկիա՚ թանգարանին մէջ: Վստահ ենք որ այցելուները հիացումով պիտի դիտեն հնագիտական մեծ արժէք ունեցող ժամացոյցներու հաւաքածոն՝՝ վեր առնելով ողբացեալ բարերարին ու անոր տիկնոջ նուիրումը հայ եկեղեցւոյ ու մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան հանդէպ։









All the contents on this site are copyrighted ©.