«Անգարա Ամերիկեան Քոնկրեսին Մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան Բանաձեւը Տապալելու Համար
Աւելի Քան 3 Միլիոն Տոլար Ծախսած է » Կը Գրէ Թրքական «ՀԻՒՐՐԻՅԷԹ» Օրաթերթը։
Թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթը` վկայակոչելով Միացեալ Նահանգներու Արդարադատութեան Նախարարութեան
հրապարակած տուեալները, կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան
ճանաչման դէմ մղուող պայքարի ծիրին մէջ թրքական իշխանութիւնները 2010-ին աւելի քան 3
միլիոն տոլար ծախսած են: Ըստ Միացեալ Նահանգներու Արդարադատութեան Նախարարութեան,
2010-ին Անգարա՝ Ուաշինկթընի մէջ Թուրքիոյ դեսպանատան միջնորդութեամբ ամերիկեան լոպիինկի
կազմակերպութիւններու փոխանցած է 3.3 միլիոն տոլար: «Այդ գումարին մեծ մասը ծախսուած
է Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսին մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան բանաձեւի որդեգրումը կասեցնելու
համար: Գումարին մեծ բաժինը յատկացուած է նախկին քոնկրեսական Ռիչըրտ Կեփհարտի «Կեփհարտ
Կրուփ» լոպիինկի կազմակերպութեան: Նախկին քոնկրեսականը 2010-ին Ներկայացուցիչներու Տան
մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան բանաձեւի որդեգրումը ձախողեցնելու նպատակով հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ
ունեցած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի աշխատակազմի ղեկավարին, անվտանգութեան
հարցերով խորհրդականին եւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարին հետ», կը գրէ
«Հիւրրիյէթ»` նշելով, որ Թուրքիոյ իշխանութիւններու կողմէ 2010-ին գումարներ յատկացուած
են ամերիկեան եօթը լոպիինկի ընկերութիւններու: