2011-03-16 13:53:12

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը Քիստոնեաներուն Կը Յիշեցնէ Հարկաւորութիւնը՝ Աղքատներուն Օգնութեան Հասնելու ։


Իր խօսքը ուղղելով Պելկիայի բարեսիրական մարմնի ներկայացուցիչներուն եկած՝ Սրբազան Հօր յանձնելու 300 հազար էուրօ՝ որպէս սատար Քահանայապետական բարեգործութիւններուն, Նորին Սրբութիւնը նախ շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց եւ ապա յիշեցուց հարկաւորութիւնը օգնութեան հասնելու ընչազուրկերուն։ ՜՜Այդ կատարելով, ըսաւ Պենետիկտոս ԺԶ., իրարու կը մօտենանք եւ կը փորձարկենք կեանքին լիութիւնը որ կու գայ Աստուծոյ սէրէն՝՝։
Պելկիոյ բարեսիրական մարմինը ամէն տարի Սրբազան Քահանայապետին տրամադրութեան տակ կը դնէ գումար մը, որպէսզի Սրբազան հայրը իր կարգին օգնութեան հասնի կարօտեալներուն։ Բարեսիրական այդ մարմնի անդամները յաջորդներն են զուավներուն` անոնք Պելկիոյ Հոլլանտայի եւ Լիւսամպուրկի զինուորներ են որոնք 1860ին ընդառաջելով երջանկայիշատակ Պիոս Թ-ի կանչին Հռոմ հասան պաշտպանելու Քահանայապետութիւնն ու Եկեղեցին։ Ապա 1870-ին յետ քահանայապետական պետութիւններու ջնջումին եւ Իտալիոյ միութեան իրականացումին, զուավներու զօրագունդը լուծուեցաւ։








All the contents on this site are copyrighted ©.