2011-03-16 13:42:52

Հռոմի մէջ մեծ Պատրաստութիւն՝ Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետի Երանացման Արարողութեան համար, Որ Տեղի Պիտի Ունենայ 1 Մայիսին։


Երանացման արարողութեան օրը հաւատացեալներու ամբոխը խուռներամ պիտի ուղղուի Վատիկան, պահ մը կանգ առնելով լեհ Քահանայապետի դամբանին առջեւ ։ Վատիկանի շրջակայքի բնակիչներն ու խանութպանները բնականաբար տեղաշարժի մէջ են։ Մէկ կողմէն բանուորները կը զարդարեն ճամբանները ու մայթերը լաւագոյնս ներկայացնելու համար քաղաքը ի պատարաստութիւն այն բազմահազար հաւատացեալներուն եւ ուխտաւորներուն որոնք Աւագ Շաբաթուընէ սկսեալ գրեթէ ամբողջութեամբ պիտի գրաւեն Յաւիտենական քաղաքը։ Վաճառատուները արդէն լեցուն են Յովհաննէս Պօղոս Բ-ը ներկայացնող յիշատակներով, եւ արարողութեան առիթով պատրաստուած շապիկներու վրայ գրուած է. ''մեր սրտերուն մէջ միշտ ողջ ես''։ Վատիկանը իր կարգին ընկերային հաղորդակցութեան բոլոր միջոցները ի գործ դրած է լաւագոյնս ճանչցնելու դիտաւորութեամբ Երանելի Յովհաննէս Պօղոս Բ.ի կեանքն ու հոգեւորութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.