2011-03-16 12:52:09

Հայերէն -Իտալերէն Բառարանի Ներկայացում Մալոյեան Մշակութային Կեդրոնին Մէջ,


Հռոմ- Ուրբաթ 25 Մարտ 2011-ի ժամը 18.30-ին, Հռոմի Հայ համայնքի Խորհուրդի Մալոյեան Մշակութային կեդրոնին մէջ, պիտի ներկայացուի Հայերէն-իտալերէն բառարանը , լոյս տեսած Երեւանի Հեղինակային հրատարակութենէն 2010-ին։ 380 էջնոց բառարանի հեղինակը Տիկ. Կարինէ Մկրտչեան , ներածականին մէջ գրած է.
՜՜ Ի սկզբանէ միտքն էր..., բայց միտքն էլ ծագեց անհրաժեշտութիւնից՝՝։
Տիկին Մկրտչեան 2000-ին Հռոմ ժամանած է եւ զարմացած չգտնելով ոչ մէկ հնարաւորութիւն Հայրենիքէն ժամանած հայախօսներուն' իտալերէն սորվելու, ՜՜արեւելահայերէն- իտալերէն՝՝ բառարանի մը չգոյութեան պատճառով։
Եւ անհրաժեշտութենէն յառաջ եկաւ միտքը սկիզբ տալու բառարանի մը պատրաստութեան գործին կ՝ըսէ ան։
Ձեռքին տակ ունէր Մխիթարեան միաբանութեան հայրերէն՝ բարեյիշատակ Նիկողայոս Քէհէեանի արեւմտահայերէն-իտալերէն փոքրածաւալ բառարանը (1983-ին լոյս տեսած) ու նաեւ Հայր Վահան վրդ. Օհանեանի՝ այժմու Հայաստանի եւ Արեւելեան Եւրոպայի կաթողիկէ հայոց առաջնորդի պատրաստած՝ երկհատոր բառարանները (1996-ին հրատարակուած) ասոնք ՜՜ինձ համար մեծ օգնություն եղան սույն բառարանն ստեղծելու գործում՝՝ գրած է տիկ. Մկրտչեան, իր երախտագիտութիւնն ու շնորհակալութիւնը յայտնելով բառարանի տպագրութեան օժանդակողներուն՝ հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ գործիչներէն Տէր Միշէլ Աւագ Սրկ. Ժանժէին որ Վատիկանի Ձայնասփիւռի հայկական բաժնի տնօրէնն է,եւ Հռոմի Հայ Համայնքի Խորհուրդի նախագահը, եւ գերյ. Հ. Յովսէփ Ծ. Վրդ. Քելեկեանին Հռոմի Լեւոնեան հայ վարժարանի մեծաւորին՝ որ այժմ կը պաշտօնավարէ Մայր Հայրենիքի մէջ։
Բառարանի ներկայացման (25 Մարտ 2011-ին) հեղինակը Տիկ Կարինէ Մկրտչեան պիտի խօսի հատորին ստեղծման հանգրուաններուն ու նաեւ դժուարութիւններուն որոնց հանդիպած է, սակայն եւ այնպէս այժմ իր երազը մեծ մասամբ իրականացած է։
Մեր շնորհաւորութիւնները՝ Տիկին Մկրտիչեանին, յաջողութեան մաղթանքներով...









All the contents on this site are copyrighted ©.