2011-03-16 14:04:30

Իտալիոյ Ազգային Մամուլի Դաշնակցութիւնը Յատուկ Մրցանակով Մը Կը Պարգեւատրէ՝ Ռատիօ Վատիկանը։


Յառաջիկայ 26 մարտին Իտալիոյ Վիարէճճօ քաղաքին մէջ պիտի նշուի ՜՜Բասսէթթի՝՝կոչուած 37-րդ մրցանակը, որուն նախաձեռնողն է Իտալիոյ Ազգային Մամուլի Դաշնակցութիւնը։70 թեկնածուներէն <<Բիէրօ Բասսէթթի - քրոնիկագիր- 2011-ին >> արժանացան երկու լրագրողներ՝ Աննա Պութթացոնին Եւ Մարգօ Ճովաննէլլին` իտալական Il Messaggero օրաթերթի խմբագիրներ։
Մրցանակի քննիչ յանձնախումբը ապա յատուկ մրցանակ մը շնորհած է զանազան լրագրողներու, ի շարս որոնց Ռատիօ Վատիկանի գործակից ,Ձայնասփիւռի ՝՝SEDOC՝՝ի բաժնին այն է՝վաւերագրական սպասարկութեանց բաժնի պատասխանատու՝ Տավիտէ Տիոնիզի-ին։
Ռատիովատիկանի հայկական բաժնի անձնակազմը իր ջերմ խնդակցութիւնները կը յայտնէ աշխատակից Տավիտէ Տիոնիզիին մաղթելով անոր առաւել յաջողութիւններ։








All the contents on this site are copyrighted ©.