2011-03-15 13:00:47

Վատիկանի Ռատիոկայանի Տնօրէն՝ Հայր ֆետէրիգօ Լոմպարտիի Շաբաթական Խմբագրականը` ՜՜Յիսուս Եւ Սրբազան Քահանայապետը՝՝ նիւթին մասին։


Յիսուս Եւ Սրբազան Քահանայապետը։

Այս օրերուն լոյս տեսաւ Սրբազան Քահանայապետին Յիսուսի Կեանքի մասին գիրքը։
Երեք նկատողութիւններ։
Կարտինալ Ուելլէն, Սրբազան Քահանայապետի գիրքի ներկայացման ժամանակ հաստատեց թէ այս գիրքը պատմական աննախընթաց հրատարակութիւն մըն է որ << կը բանայ աստուածաբանական մեկնաբանութեան նոր դարաշրջան մը >> մեր առջեւ։Գիտաշխատող, ուսումնասիրող Ժոզէֆ Րացինկէրը որ նաեւ Տիեզերական Եկեղեցւոյ Հովիւն է , մեզ կ՛առաջնորդէ ձեռնհաս, խոր եւ միաժամանակ քրիստոնեայ հաւատքի եւ անոր աւանդութեան կապուած հետեւողական ընթերցանութիւն կատարելու։ Պատմա-մշակութային եւ հաւատքի ապրելակերպի այսօրուայ պահանջքէն մեկնող նոր մեկնաբանութիւն մը հասկնալի դարձնելու՝ աւետարանիչներու գրութիւնները։
Փրոֆ Մակրիսը` իր կարգին ներկայացնելով գիրքը զայն որակեց <<երկխօսութեան գիրք>>։ Յիսուսի դիմագիծը կը ներկայացուի որպէս Աստուծոյ պատասխանը մարդկային գոյութեան հարցականներուն դիմաց ներառեալ չարիքի, մահուան ու տառապանքի հայող հարցականները։ Նուէր մըն է, որ կը յայտնէ Յիսուսի իսկական առաքելութեան իմաստը, որը կարելի է ընդունիլ կամ մերժել բայց կը մնայ միշտ <<արիւն որ կը հեղու բոլորին ի նպաստ >> եւ երբէք մէկու մը դէմ։
Ի վերջոյ այս հատորով՝ որ կը ներկայացնէ Յիսուսի կեանքի ամենէն իմաստալից դրուագներէն - չարչարանքն ու յարութիւնը - կը պսակուի սրբազան Քահանայապետին իղձը, երկար ուղեւորութեան գագաթնակէտը փնտռելու <<Յիսուսի Դիմագիծը>>։
Քաջ տեղեակ ենք որ, Պենետիկտոս ԺԶ քահանայապետը ունի եկեղեցապետի բազմաթիւ պարտականութիւններ, սակայն եւ այնպէս ամէն ջանք ու հոգնութիւն յանձն առաւ ան լոյս ընծայելու համար այս հատորը հրատարակելը, ասոր համար բոլորս երախտապարտ ենք իրեն։ Հատորը պարգեւ մըն է մեզի։
Հատորին վերջին տողերու մէջ գրուած է <<հաւատքի բերումով վստահ ենք թէ Յիսուսի բազուկները տարածուած են մեր գլուխներուն վրայ եւ զանոնք կ՛օրհնեն>>։ Ահա այս է քրիստոնեայի յարատեւ ուրախութեան պատճառը։








All the contents on this site are copyrighted ©.