2011-03-15 13:01:54

Սրբազան Քահանայապետը Կը Հրաւիրէ Համադրել Զօրակցութիւնը Եւ Օրէնքը Ի Տես Փախստականներու Մեծ Ալիքին։


Ըլլալ գործիչը համագործակցութեան, զօրակցութեան եւ մարդասիրութեան։
Սրբազան Քահանայապետը հրաւիրեց իտալացի քաղաքական պատասխանատուները համադրելու զօրակցութիւնը եւ օրէնքին յարգանքը։ Վատիկան ընդունելով Իտալիոյ քաղաքապետութիւններու ազգային ընկերակցութեան 250 անդամները խնդրեց որ փախստականներու մեծ ալիքը պատճառ չդառնայ յեղաշրջելու երկրի աւանդական մշակութային ու կրօնական օրէնքի սկզբունքները։ Նորին Սրբութիւնը քաղաքապետներէն խնդրեց, ըլլալու՝ գործիչները համագործակցութեան, զօրակցութեան եւ մարդասիրութեան։ Նոյնպէս Սրբազան Քահանայապետը քաղաքապետութիւններէն խնդրեց որ իրենց դրամական օգնութիւնը բերեն եկեղեցական բարեգործական մարմիններուն, որպէսզի անոնք կարողանան պատշաճ օգնութիւն բերել գաղթականներուն։ Նշենք թէ ներկայիս հարաւային Իտալիա կը դիմագրաւէ մեծ թիւով մեծ ալիքը փախստականներու եւ ապօրինի գաղթականներուն՝ որոնք կը հասնին հիւսիսային Ափրիկէէն։







All the contents on this site are copyrighted ©.