2011-03-15 13:02:59

ՄԱԿ-Ի Զարգացման Ծրագրի Կառավարիչը Անի-ի Աւերակները Կ՝այցելէ։


Թրքական «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Թուրքիա գտնուող ՄԱԿ-ի Զարգացման Ծրագիրի կառավարիչ Հելեն Քլարք այցելած է Անիի աւերակները: Հելեն Քլարք Թուրքիա կը գտնուի ՄԱԿ-ի Զարգացման Ծրագիրի Թուրքիոյ գրասենեակին կողմէ գործադրուող «Դաշինքներ Արեւելեան Անատոլուի մէջ մշակութային զբօսաշրջութեան համար» ծրագիրին ծիրին մէջ:
ՄԱԿ-ի Զարգացման ծրագիրի կառավարիչը այցելած է Անիի Մայր Տաճարը, Տիգրան Հոնենցի եկեղեցին եւ Մանուչեհրի մզկիթ-ը:








All the contents on this site are copyrighted ©.