2011-03-15 11:20:30

Ժպէյլի Առաջնորդ Պշարա Ռայի Եպիսկոպոսը՝ Մարոնի Համայնքի Նոր Պատրիարք։


Մարոնի Կաթողիկէ Եկեղեցին ունի նոր Պատրիարք մը,յանձին Պըշարա Ռայի-ի ,Եպիսկոպոսը Պիպլոսի, որ այսօր կատարուած Պատրիարքական Ժողովի ընթացքին Պքերքէի մէջ, ընտրուեցաւ Մարոնի համայնքի Նոր Պատրիարք ։ Պշարա Ռայի պաշտօնապէս Պատրիարք պիտի օծուի յառաջիկայ 25 մարտին։ Ընտրութենէն անմիջապէս ետք Պէյրութի Մարոնի Եկեղեցիներու զանգակները ղօղանջեցին շուրջ կէս ժամ առանց դադարի,երբ Պքերքէի Վեհարանի տանիքէն տեսանելի եղաւ սպիտակ մուխը ,տեսանելի նշանը պատրիարքի ընտրութեան ։ Գերապայծառ Պըշարա Ռաի 71 տարեկան,պիտի ըլլայ Մարոնի Եկեղեցւոյ 77-երորդ Պատրիարքը։ Ան ամենէն երիտասարդներէն բայց միաժամանակ երկարամեայ փորձառութեամբ Եպիսկոպոսն էր որ կը մասնակցէր Պքերքէի Պատրիարքական Ժողովին։ Այս առթիւ մեր յատուկ սրտագին շնորհաւորութիւնները նորընտրեալ Պատրիարքին որ երկար տարիներ կառավարեց ՌատիօՎատիկանի Արաբական Հաղորդաժամը, զատորոշուելով իր ազնուութեամբը ու համեստութեամբը։








All the contents on this site are copyrighted ©.