Ուրբաթ օր Ճափոնի մէջ տեղի ունեցած աղէտալի երկրաշարժին եւ ծովաշարժին (ցունամի) պատճառով
վնասուած հիւլէական կայանին մէջ երէկ առաւօտեան դարձեալ պայթում տեղի ունեցած է:
Ճափոնական
իշխանութիւնները կը հաւաստեն, որ Ֆուքուշիմա հիւլէական կայանի 3-րդ հնոցին մէջ տեղի ունեցած
պայթումին պատճառով հնոցին միջուկը պաշտպանող պատը չէ վնասուած, սակայն 6 հոգի վիրաւորուած
է: Շաբաթ օր պայթում տեղի ունեցած է նաեւ Ճափոնի մայրաքաղաք Թոքիոյէն 240 քիլոմեթր
հիւսիս գտնուող Ֆուքուշիմա հիւլէական կայանի առաջին հնոցին մէջ. պայթումին պատճառով հնոցի
տանիքը եւ արտաքին պատը քանդուած էին: Իշխանութիւնները կը յայտարարեն, որ թէեւ հիւլէական
կայանին մէջ շողարձակումի մակարդակը բնականէն բարձր է, սակայն մարդոց առողջութեան «անմիջական
վտանգ» չի սպառնար: Ճափոնի վարչապետ Նաոթօ Քան ըսած է, որ հիւլէական կայանին մէջ իրավիճակը
կը մնայ իշխանութիւններու ուշադրութեան կեդրոնը եւ բոլոր քայլերը կը ձեռնարկուին սպառնացող
վտանգը չէզոքացնելու համար: