2011-03-15 12:46:48

2011-ը Հայ Մանուկի Տարին
(Հռչակուած Արամ Ա.Վեհափառի Կողմէ).


2011 տարին հռչակելով "Մանուկներու Տարի", Մեր սպասումն է որ մանուկներու առնչուած մտածումները, մտահոգութիւններն ու սպասումները լուրջ ու համապարփակ քննարկումի նիւթ դառնան մեր կառոյցներուն ու ժողովուրդի զաւակներուն կողմէ: Տարբեր միջավայրերու մէջ ապրելով, բնականաբար հայ մանուկը տարբեր ազդեցութիւններու ենթակայ է: Արդ, մեր քննարկումներու ընթացքին հասարակաց մտահոգութիւններու ու մօտեցումներու կողքին, անհրաժեշտ է տարբերութիւնները մատնանշել եւ համապասխան մօտեցումներ ճշդել ու գործընթացներ որդեգրել՝ ի խնդիր հայ մանուկին հոգեւոր, բարոյական ու ազգային առողջ կազմաւորման:
Արդ, կոչ կ’ուղղենք մեր Առաջնորդ Սրբազաններուն ու Ազգային Իշխանութեանց, մեր ընտանիքներուն ու կրթական պատասխանատուներուն եւ ընդհանրապէս մեր ժողովուրդի կեանքէն ներս գործող կառոյցներուն, բարձրագոյն աստիճանի հոգածութիւն ու նախանձախնդրութիւն ցուցաբերելու մեր մանուկներուն նկատմամբ: Մեր հոգածու վերաբերումը հայ մանուկին նկատմամբ պէտք է գործնապէս արտայայտուի մասնաւորաբար հետեւեալ միջոցներուն դիմելով.-

Ա) Մեր մատնանշած մտահոգութիւններու լոյսին տակ, ծնողները պարտաւորութիւն պէտք է նկատեն առաջնահերթութիւն տալու իրենց զաւակներու ֆիզիքական աճման կողքին նաե՜ւ անոնց քրիստոնէական ու հայեցի կրթութեան՝ ընտանեկան յարկին տակ:
Բ) Մեր դպրոցները, յատկապէս մանկապարտէզի ու նախակրթարանի բաժիններուն մէջ, վերատեսութեան պէտք է ենթարկեն իրենց ջամբած դաստիարակութիւնը՝ կրօնա-բարոյական ու հայեցի երեսներով, դիմելով այնպիսի միջոցներու ու մեթոտներու, որոնք ըլլան գրաւիչ մեր մանուկներուն համար:
Գ) Ծնողներ ու կրթական պատասխանատուներ հետեւողական ճիգ պէտք է թափեն որ մեր մանուկները արտաընտանեկան ու արտադասարանային ծրագիրներու բերեն իրենց հետեւողական ու գործօն մասնակցութիւնը: Այս ծիրէն ներս յատուկ կարեւորութիւն պէտք է տրուի Կիրակնօրեայ վարժարանին:
Դ) Մեր Ազգային Առաջնորդարանները նոր մղում պէտք է տան թեմերէն ներս կատարուող քրիստոնէական դաստիարակութեան՝ յատկապէս մանուկներու կապուած ծրագիրներու մշակման ծխային մակարդակի վրայ:
Ե) Վերջապէս, սրտագին կոչ կ’ուղղենք մեր բարերարներուն եւ ունեւոր ազգայիններուն իրենց լաւագոյնը ու գերագոյնը տալու հայ մանուկին՝
- մանուկներու յատուկ արդիական սարքաւորումներով օժտուած մանկամսուրներ եւ մանկապարտէզներ հաստատելով:
- մանկական գրականութիւն մշակելու ու հրատարակութիւններ կատարելու կոչուած հիմնադրամներ հաստատելով:
- հիւանդ, աղքատ ու որբացած մանուկներու յատուկ օգնութեան հիմնադրամներ հաստատելով:
Հայ մանուկը ազգին ու եկեղեցւոյ զաւակն է: Եկէք, միա՜սնաբար տէր դառնանք հայ մանուկին. սրբենք հայ մանուկին արցունքը, ամոքենք իր ցաւը, նուազեցնենք իր տառապանքը, եւ գործնապէս նպաստենք անոր ֆիզիքական թէ բարոյական, հոգեւոր թէ ազգային առողջ կազմաւորման ու դաստիարակութեան: Արամ Ա Վեհափառը իր պատգամը կ'եզրափակէ մէջ բերելով Յիսուսի սա խօսքը ըսելով. Երբեք չմոռնանք Քրիստոսի պատուէրը՝ "Ով որ մանուկ մը իմ անունովս կ’ընդունի՝ զիս ընդունած կ’ըլլայ" Կ’աղօթենք առ Բարձրեալն Աստուած որ Իր օրհնութեամբ խնամէ ու աճեցնէ մեր ազգին մանուկները:








All the contents on this site are copyrighted ©.