2011-03-14 13:10:39

Ցեղասպանութեան Օրինագիծի Հաստատման Պահանջով
Բողոքի Ցոյց Փարիզի Մէջ ։


Ֆրանսայի հայկական համայնքը Շաբաթ Մարտ 12-ին բողոքի ցոյց մը կազմակերպեց Ֆրանսայի Ազգային Ժողովի շէնքին դիմաց։ Ինչպէս կը յայտնէ ՀՅԴ Հայ Դատի Յանձնախումբի Փարիզի Գրասենեակի տնօրէն Հրաչ Վարժապետեանը։ Այս ցոյցով հայկական համայնքը նպատակ ունէր պահանջել Հայոց Ցեղասպանութեան ուրացումը քրէօրէն դատապարտելու մասին օրինագիծի հաստատումը՝ Ֆրանսայի Ազային ժողովին կողմէ, որ 2006էն ի վեր սառեցուած էր։ ՝՝Ֆրանսայի մէջ նախագահական ընտրութիւններուն համար մէկ տարի մնացած է, իսկ հայկական համայնքի քուէները անտեսանելի չեն։ Ֆրանսայի նախագահը իր նախընտրական քարոզարշաւին մէջ խոստումներ տուաւ հայութեան, որոնք, սակայն, չիրականացան, իսկ ՝՝Wikileaks-ի՝՝ վերջին բացայայտումներէն յետոյ հայկական համայնքը ուղղակի վիրաւորուած է Նիքոլա Սարքոզիի քաղաքականութենէն (ընգդծած է Հ. Վարժապետեանը)։ Հայ համայնքը գիտէ թէ ինչպէս պէտք է դիրքորոշուի՝ հայութիւնը վիրաւորող որեւէ ակտի դիմաց (ըսած է ան)ակնարկելով Թուրքիոյ հանդէպ Սարքոզիի հաւաստիացումներուն, թէ Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտման համար քրէական օրինագիծ պիտի չհաստատուի։







All the contents on this site are copyrighted ©.