2011-03-14 12:58:08

Ճափոնի Մէջ Զոհերու Թիւը Աւելի Քան 10 Հազար։


Ճափոնի մէջ երկրաշարժի եւ ծովաշարժի (ցունամի) զոհերուն թիւը տասնեակ հազարաւոր է,մինչ երկրին իշխանութիւնները կ՝աճապարեն պայքարելու շարք մը հիւլէական կայաններու հնոցներու խանգարումին դէմ, եւ հարիւր հազարաւոր աղէտեալ անձերու ըմպելի ջուր ու սննդեղէն տրամադրելու համար: Ճափոնի վարչապետը նշեց, որ ներկայ երկրաշարժը Համաշխարհային Բ. պատերազմէն ասդին յոռեգոյն տագնապն է որ հարուածեց Ճափոնը։
Հիւլէական կայաններու աշխատաւորները պայքարեցան ցած պահելու ջերմաստիճանը շարք մը հնոցներու, որոնք երկրաշարժէն եւ ցունամիէն վնասուած էին:
Միւս կողմէ սաստիկ ցուրտը հիւսիսարեւելեան Ճափոնի մէջ անտուն մնացած հարիւր հազարաւոր վերապրողներու ողբերգական վիճակը ծանրացուց: Փրկարար աշխատանք տանողները շարունակեցին բազմաթիւ դիակներ դուրս բերել քանդուած տուներու  բեկորներու ցեխով ծածկուած կոյտերուն տակէն: Անոնք փրկեցին նաեւ 60-ամեայ անձ մը, որ ցունամիին կողմէ ծովուն բացերը քշուելէ ետք երկու օր իր տան քանդուած տանիքին վրայ մնացած էր, մինչեւ որ մարտանաւ մը զինք նշմարեց: Ան ծովափէն 15 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ էր: Ըստ կարգ մը տեղեկութեանց ուժգին երկրաշարժին պատճառով երկրագունդին առանցքը տասը սանթիմեթրով շեղած է, իսկ Ճափոնի աշխարհագրական դիրքը 2.43 մեթրով փոխուած :







All the contents on this site are copyrighted ©.