Կարտինալ Ռոպեր Սարահ Բիւրիւնտիի մէջ Բացումը Կը Կատարէ Դպրոցի Մը։
Վատիկանի ''Գոր Ունում'' բարեսիրական մարմնի նախագահը վերջերս այցելութիւն կատարած է
Բիւրիւնտի, ուր բացումը կատարած է նախակրթարանի մը, որ կառուցուած էր շնորհիւ՝ Պենետիկտոս
ԺԶ Քահանայապետի բարերարութեան։ Կարտինալը իր կեցութեան ընթացքին տեսակցութիւն ունեցած
է երկրի հանրապետութեան նախագահին հետ։ Կարտինալ Սարահ յայտանած է թէ ստորագրած է առողջապահութեան,
դաստիարակութեան ու բարգաւաճումի հայող՝ համագործակցութեան համաձայնութիւններ ։