2011-03-14 13:15:46

Կարտինալ Գոշ Անձնական Կապեր Կը Հաստատէ Ռուս Օրթոտոքս Եկեղեցւոյ Ներկայացուցիչներուն Հետ։


Քրիստոնեաներու Միութեան Քահանայապետական խորհուրդի նախագահը կարտինալ Գոշ , մարտ 12-17 կ'այցելէ Մոսկուայի պատրիարքութիւնը։ Ան նախքան Մոսկուա մեկնիլը ելոյթ ունեցած է Վատիկանի ձայնասփիւռին հետ, եւ յայտարարած է թէ այս այցելութիւնը տեղի կ՝ունենայ Կ.Պոլսոյ Տիեզերական պատրիարքութեան հետ ունեցած հանդիպումէն ետք նոյեմբեր 2010ին Պոլսոյ մէջ, ուր կարողացաւ անձնական կապեր հաստատել Կ.Պոլսոյ օրթոտոքս եկեղեցւոյ ներկայացուցիչներուն հետ։ Մոսկուա այցելութեան ընթացքին, Զուիցերացի կարտինալը մասնաւորապէս հանդիպում պիտի ունենայ Ռուս եկեղեցւոյ արտաքին յարաբերութիւններու պատասխանատու՝ մետրապոլիտ Հիլարիոն Ալֆիեւին հետ։ Նոյնպէս կը նախատեսուի որ ան այցելէ ռուս եկեղեցւոյ պաշտամունքի վայրերը։








All the contents on this site are copyrighted ©.