2011-03-14 13:13:35

Գերմանիոյ Եպիսկոպոսական համահաւաք Դասի Տարեկան Ժողով։


Գերմանիոյ Եպիսկոպոսական համահաւաք Դասը 14 - 17 մարտ Բատէրպոնի մէջ կը գումարէ իր տարեկան ժողովը որուն պիտի մասնակցին 69 եպիսկոպոսներ` Արքեպիսկոպոս Րոպերդ Զոլլիդէքի նախագահութեամբ։ Նիստերու գլխաւոր նիւթը պիտի հանդիսանայ երկխօսութիւնը, ըլլայ եպիսկոպոսական դասէն ներս ըլլայ հաւատացեալներու հետ։ Անդրադարձ պիտի կատարուի նաեւ համամիութենական շարժումի մասին ուր հաշուեկշիր պիտի ներկայացուի Վատիկանեան Տիեզերական Բ ժողովէն ասդին համամիութենական գծով կատարուած քայլերուն մասին կեդրոնանալով Գերմանիոյ պարաքային։ Երկուշաբթի 14 մարտի ժողովի բացման նիստին, պիտի մասնակցի նաեւ գերմանիոյ Պապական Նուիրակը Ժան Գլոտ Բէրիսսէն։
Որպես ապաշխարութեան նշան եւ Աստուածային օգնութեան աղերսանք նիստի բացման արարողութիւնը սկիզբ կ՛առնէ սուրբ պատարագի զոհով եւ ապաշխարանքի յատուկ աղօթքով։








All the contents on this site are copyrighted ©.