2011-03-14 13:00:56

«Հրանդ Տինք» Շարադրութեան Ա. մրցանք Մեսրոպեան Վարժարանին Մէջ


Կազմակերպութեամբ Պէյրութի հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի ՜՜տեղեկատուական- ուսումնասիրական՝՝ աշակերտական խումբին, Ուրբաթ 11 մարտին, երեկոյեան, վարժարանի (Մեսրոպեան վարժարանի) Ֆարաճեան անուան լսարանին մէջ տեղի ունեցաւ ՜՜միջ-դպրոցական Հրանդ Տինք՝՝ շարադրութեան Ա. մրցանքի նշանակի տուչութիւնը եւ մրցանակաբաշխութիւնը:
Օրուան պատգամը փոխանցեց Ժիրայր Դանիէլեան, որ նշեց, թէ նմանօրինակ մրցանքներ կը ջանան իւրայատուկ կերպով մեր նորագոյն սերունդը պատրաստել ապագային համար:
Հանդիսութեան աւարտին, խօսքը փոխանցեց հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի տնօրէն՝ Կրէկուար Գալուստ, որ շնորհակալութիւն յայտնեց դատական կազմի անդամներուն՝ Շահան Գանտահարեանին, Սարգիս Նաճարեանին եւ Ժիրայր Դանիէլեանին, որոնք մեծապէս նպաստեցին այս նախաձեռնութեան յաջողութեան:
Գալուստ ընթերցեց «Ակօս» թերթի հայերէն բաժնի պատասխանատուին՝ խմաբագիր Սարգիս Սերոբեանի ուղերձը, որուն մէջ Սերոբեան Տինքին ուղղելով իր խօսքը կ'ըսէ «Սիրելի Հրա՛նդ, բոլորս գիտենք, որ ... գաղափարը ազատօրէն յայտնելու իրաւունք պահանջելուդ համար քեզ նահատակեցին: Գոնէ, ըսինք, մեր մեծ կորուստը բանի մը ծառայէ, ատոր համար բոլորս ջանք կը թափենք՝ ( եւ ինչպէս յայտնի է - Լիբանանահայ տղաքն ալ այդպէս խորհեր են) , յիշատակդ յարգելու եւ նպատակներդ կեանքի կոչելու համար «Հրանդ Տինք» անուանուած մրցոյթով»:
Ապա տեղի ունեցաւ մասնակիցներու հաստատագիրներու յանձնումը եւ մրցանքի նշանակի տուչութիւնը: Մրցանքին առաջին հանդիսացաւ Համազգայինի Արսլանեան ճեմարանէն Ալիք Գանտահարեանը, երկրորդը՝ Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան՝ Դարուհի Յովակիմեան երկրորդական վարժարանէն Ռօլան Կարապետեանը, իսկ երրորդը՝ Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանի Գ. Հարպոյեան բարձրագոյն վարժարանէն՝ Սալբի Կանիմեանը:








All the contents on this site are copyrighted ©.