2011-03-12 13:12:11

Ցուցահանդէս՝ Նուիրուած Հրաչեայ Աճառեանի 135 Ամեակին


ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի Ազգային գրադարանի «Վերնատուն» սրահին մէջ, Մարտ 2ին բացուեցաւ յայտնի լեզուաբան, բանասէր Հրաչեայ Աճառեանի 135 ամեակին նուիրուած ցուցահանդէսը, ուր ներկայացուած են աւելի քան 70 միաւոր գիրք եւ հանդէս:
Նիւթերը բաժնուած են երեք խորագիրներու տակ՝ «Հրաչեայ Աճառեանի հեղինակած գրքերը», «Հրաչեայ Աճառեանի կատարած թարգմանութիւնները», «Հրաչեայ Աճառեանի մասին»:
Հրաչեայ Աճառեանի հեղինակած գիրքերու շարքին ուշագրաւ են 1902ի լոյս տեսած «Թուրքերէնէ փոխառեալ բառերը Պոլսոյ հայ ժողովրդի լեզուին մէջ», «Երուանդ Շահազիզ», «Հայոց լեզուի պատմութիւն», «Քննութիւն պոլսահայ բարբառի», «Քննութիւն Վանի բարբառի», «Լիակատար քերականութիւն հայոց լեզուի» եւ այլ գիրքեր:
Ցուցադրուած հանդէսները տպագրուած են Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ, ինչպէս՝ «Բանբեր Երեւանի համալսարանի», «Էջմիածին», «Ոստան», «Արարատ», «Հանդէս ամսօրեայ», «Բանասէր», «Ազգագրական հանդէս» եւ «Բիւրակն»:








All the contents on this site are copyrighted ©.