2011-03-12 13:08:22

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Խօսքը Հռոմի Կղերին ։


Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը 10 մարտին՝ Վատիկանի մէջ, Հռոմի կղերին հետ իր ունեցած տարեկան հանդիպումին ընթացքին յորդորեց զանոնք ըսելով ՜՜ Ճշմարտութիւնը աւետեցէք նոյնիսկ եթէ անիկա անհանգստութիւն պատճառէ, սիրեցէք բոլոր մարդիկը մանաւանդ աղքատները՝՝։Հիմնուելով Գործք Առաքելոցի (գլուխ 20-րդ) խօսքերուն վրայ , Նորին Սրբութիւնը ըսաւ որ՝ քահանան մատակարար մը չէ այլ՝ Աստուծմէ ընտրուած մարդ մը Քրիստոսի օրինակին հետեւող` որ Անոր նման պէտք է ըլլայ հեզ, սիրէ բոլոր մարդերը, աղքատներուն հանդէպ ըլլայ զգայուն ու նեցուկ կանգնի եկեղեցւոյ եթէ սպառնալիքի ենթարկուած է ան։ Սրբազան Քահանայապետը հաստատեց թէ քահանան պէտք է Աստուծոյ աչքերով դիտէ աշխարհը եւ ոչ թէ պարզ պաշտօնեայի աչքերով։ Քահանայութիւնը ժամանակաւոր պաշտօն մը չէ։ Քահանան միշտ եւ ամբողջ էութեամբ ու սրտով ծառայող մըն է եկեղեցւոյ մէջ եւ այդ ծառայութիւնը կը պահանջէ հեզութիւն՝ առաքինութիւն մը որ հակառակ է ցուցամոլութեան։
Քրիստոնէութիւնը քարոզելով քահանան անձնական վերլուծում մը չէ որ կը կատարէ այլ իրականութիւնն աւետելը, որ կարելի է կատարել ծառայութեան խոնարհ սրտով։
Ապա Նորին սրբութիւնը խօսեցաւ սրտի ապաշխարութեան մասին ան ըսաւ. ՜՜Ապաշխարութիւնը՝ սրտի ու մտքի ապաշխարանքն է, ճանչնալով Աստուծոյ ներկայութիւնը աշխարհի մէջ՝՝։ Քահանային առաջնահերթ մտածումը պէտք է ըլլայ ՜՜անսակարկ նուիրում, նոյնիսկ մինչեւ զոհաբերում՝՝։
Միայն Աստուած մեզ քահանայ կը կարգէ, միայն Աստուած կ՛ընտրէ իր առաքեալները եւ եթէ կոչում ունինք ինքն է մեզ ընտրողը, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը եւ աւելցուց ՜՜ Հսկեցէք ձեր վրայ, ուշադիր եղէք ձեր հոգեւոր կեանքին` ձեր այլ ոմն քրիստոս ըլլալուն՝՝։
Աղօթելը ու Աստուծոյ խօսքին վրայ խորհրդածելը ժամանց մը չէ այլ մեր Տիրոջ հետ կապ մըն է որպէսզի կարենանք այդ կապը հաստատել նաեւ Յիսուսի եւ մեզի տրուած հօտին հետ։
Եկեղեցին սպառնալիքի տակ է եւ միշտ պիտի ըլլայ - ըսաւ Պենետիկտոս ԺԶ - բայց այս իրողութիւնը պէտք մոռացութեան չմատնէ ուրիշ իրողութիւններ <<ճշմարտութիւնը աւելի զօրաւոր է սուտէն` սէրը կը յաղթահարէ ատելութեան` Աստուած աւելի զօրաւոր է քան ոեւէ ուրիշ Աստուծոյ հակառակ ուժ մը։ Այս ուրախութեամբ, եւ այս ներքին համոզումով է որ պէտք ընթանանք մեզի պարգեւուած ճանապարհին վրայ։

Սրբազան Քահանայապետի այս Ճառէն առաջ Կարդինալ Վալլինին Հռոմի Թեմի տեղակալ եպիսկոպոսը սիրլաիր խօսք մը ուղղած էր սրբազան քահանայապետին որուն մէջ, ծիրանաւորը ակնարկած էր Սրբազան Հօր քահանայութեան 60 ամեակի յոբելեանին որ տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ 29 յունիսին։ Կարտիալ Վալլինին անդրադարձաւ նաեւ սրբազան քահանայապետի հրատարակած Յիսուս Նազովրեցի գիրքին զայն որակելով << քառասնորդաց շրջանին ընկերացող բարեկամ մը>>։








All the contents on this site are copyrighted ©.