2011-03-12 13:08:28

Մեծ Պահքի Առթիւ Գերապայծառ Նիգոլսի Կոչը Հաւատացեալներուն։


Անգլիոյ կաթողիկէ եկեղեցւոյ գահերէց եպիսկոպոսապետը, 2011 տարւոյն Մեծ Պահքի առթիւ , կոչ ուղղած է հաւատացեալներուն, հրաժարելու՝ միս ուտելէ, մեծ պահքի շրջանին ուրբաթ օրերը ։ Գերապայծառ Վէանսան Նիգոլս, 5 միլիոն կաթողիկէներուն ուղղած իր նամակին մէջ, կը հրաւիրէ զանոնք ապաշխարանքի ու ծոմապահութեան։ Պահքի ուրբաթ օրերը, կը կարդանք իր նամակին մէջ, մեզ սերտօրէն կը կապեն Տիրոջ խաչին վրայ մահուան ։ Նախապէս մեր հայրերը ուրբաթ օրերը միս ուտելէն կը հրաժարէին, լաւ է որ մենք եւս նոյնը ընենք եւ հրաժարինք բոլոր այն կերակուրներէն որոնք մեզի հաճելի են։ Նոյնպէս, եպիսկոպոսապետը կը հրաւիրէ հաւատացեալները որ մեծ պահքի շրջանին աւելի զօրակից ըլլան աղքատներուն։ Մեծ պահքը բարեբեր առիթ մըն է պահ մը կանգ առնելու եւ խորհրդածելու մեր կեանքի նշանակութեան մասին, եւ լաւագոյն կերպով պայքարելու կեանքի անձկութիւններուն դէմ։
Լոնտոնի թիւ 5 ձայնասփիւռին հետ ունեցած ելոյթին ընթացքին, Ուեսթմինդերին առաջնորդը յայտնած է թէ՝ ան միշտ հրաժարած է ալքոլ խմելէ քառասնորդացի ընթացքին։ Նման հրաժարում մը հոգեւոր հրահանգ մըն է. ընդգծելով թէ երբ տեղ կու տանք Աստուծոյ, միշտ աւելի խաղաղ կեանք մը կ'ապրինք եւ ժամանակ կը գտնենք ուրիշներուն համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.