2011-03-12 13:10:46

Հայ Եկեղեցւոյ Ծիսական Հարցերու Յանձնախումբը իր Երկրորդ Հանդիպումին Ակսաւ Անթիլիասի Մէջ


Անցեալ երկուշաբթի, 7 մարտ 2011-ին, հայ եկեղեցւոյ ծիսական հարցերու յանձնախումբը, Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսի եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի օրհնութեամբ, իր երկրորդ հանդիպումը ունեցաւԱնթիլիասի մէջ:
Ամենայն հայոց կաթողիկոսութեան կողմէ սոյն յանձնախումբի անդամներն են Միքայէլ եպս. Աջապահեան, Արշակ եպս. Խաչատրեան եւ Վահան Ծ. վրդ. Յովհաննէսեան: Իսկ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կողմէ` Կոմիտաս արք. Օհանեան, Գեղամ արք. Խաչերեան եւ Գրիգոր Ծ. վրդ. Չիֆթճեան:
Ս. Էջմիածինի մէջ անցնող տարուան օգոստոս ամսուն գումարած իր անդրանիկ ժողովով, սոյն յանձնախումբը սկսած էր քննարկել հայ եկեղեցւոյ սուրբ մկրտութեան խորհուրդին առնչուող հարցեր: Շարունակելով աշխատանքները` ներկայ հանդիպման ընթացքին յանձնախումբը սկսաւ հանգամանօրէն քննարկել հրատարակուած ծիսարաններու բնագիրները` բաղդատութեամբ հնագոյն ձեռագիրներու` միաձեւ բնագիրի պատրաստութեան համար:
Ծիսական յանձնախումբի հանդիպումներու նիւթը եղաւ սուրբ մկրտութեան խորհուրդի արարողութեան հետ առնչուող կանոնական, խրատական, ուսուցողական եւ բարեպաշտական այլ հարցեր:








All the contents on this site are copyrighted ©.