2011-03-12 13:17:33

Արամ Ա. Կաթողիկոսը ՜՜ՀՐԱՏԱՐԱԿՉԱԿԱՆ ԱՇԽԱՏԱՆՔԸ՝՝ Կարեւոր Առաքելութիւն Կը Նկատէ Կաթողիկոսարանի Մշակութային Ծիրէն Ներս։


Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը հրատարակչական աշխատանքը միշտ նկատած է իր համազգային առաքելութեան կարեւոր մարզերէն մէկը: Անցնող տասնամեակներուն Վեհափառ Հայրապետներու նախաձեռնութեամբ ու քաջալերանքով կարեւոր հրատարակութիւններ կատարուած են Անթիլիասի կողմէ: Արդարեւ, թէ՜ Մայրավանքի տպարանը, թէ՜ Գալուստ Կիլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Բաժանմունքը եւ թէ Կաթողիկոսարանէն ներս հաստատուած հրատարակչական հիմնադրամները անցնող տարուան ընթացքին լայն գործունէութիւն ունեցած են հրատարակչական աշխատանքի իմաստով: Այս առթիւ Վեհափառը ըսաւ թէ՜՜Հայ գրքին տպագրութիւնը ու տարածումը մեր առաքելութեան առաջնահերթութիւններէն մէկն է: Հայ գրքին արժէքը բազմակողմանի է, անոր տեղը հայ կեանքէն ներս առանցքային է ու դերը՝ վճռական: Ահա թէ ինչու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան հայրապետները յատուկ կարեւորութիւն տուած են հայ գրքին՝ հայ գիրք տպելով, ցուցահանդէսներ կազմակերպելով, հայ գրքի տարածումը քաջալերելով: Մայրավանքի տպարանը միշտ կը գործէ. Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Բաժանմունքը իր վաստակաշատ ու հայագէտ տնօրէնին՝ Դոկտ. Զաւէն Եկաւեանին առաջնորդութեամբ գործնապէս կը քաջալերէ Կաթողիկոսարանի հրատարակչական աշխատանքները. Կաթողիկոսարանէն ներս հաստատուած հրատարակչական հիմնադրամները կը շարունակեն իրենց գործունէութիւնը: Մենք պատրաստ ենք ընդառաջելու որակաւոր աշխատասիրութիւններու: Սակայն աւելին՝ մենք կ’ուզենք որ մեր ժողովուրդի զաւակները գիրք ունենան ու գիրք կարդան: Հայ տան կարեւոր անդամներէն մէկը պէտք է դառնայ հայ գիրքը: Գիրքը գրադարանները զարդարելու համար չէ, այլ կարդացուելու համար. ան հոգեմտաւոր հարստացման աղբիւր է՚: Տպագրութեան առընթեր հայ գիրքի տարածումը հիմնական մտահոգութիւն է, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան համար. այս գծով, որպէս քաջալերանք հայ գիրքի տարածման, Կաթողիկոսարանի հրատարակութիւնները անվճար կը տրամադրուին բոլոր հաստատութիւններուն ու դպրոցներուն եւ զանազան առիթներով՝ մեր մտաւորականներուն ըսաւ Արամ Ա. կաթողիկոսը։








All the contents on this site are copyrighted ©.