2011-03-11 14:11:12

Ճանապարհ Խաչի Կայանները Ներկայացնող Արձաններու Վատիկանի Դէպի Ս. Պետրոս Տաճարը Տանող Պողոտայի Վրայ։


Յառաջիկայ 13 մարտին բացումը կը կատարուի Ճանապարհ խաչի հսկայ կայաններ ներկայացնող արձաններու զետեղման, Վատիկանի հրապարակը տանող Via della Conciliazione պողոտայի մայթերու վրայ։ Այս նուէրը Չիլիի մէկ քաղաքին նախաձեռնութիւնն է ։ Ճանապարհ խաչը կազմուած է 49 արձաններէ եւ 11 խաչերէ արդի ոճով արտադրուած եւ այս ճանապարհի վրայ պիտի մնան մինչեւ 29 ապրիլ։ Հռոմի քաղաքապետը որ ներկայ գտնուեցաւ ներկայացումին , այս ճանապարհ խաչին մէջ տեսաւ պատրաստութիւն մը թէ Զատկուայ տօնին եւ թէ Յովհաննէս Պօղոս Քահանայապետի երանացման արարողութեան, որ տեղի պիտի ունենայ մէկ մայիսին։








All the contents on this site are copyrighted ©.