2011-03-11 14:54:30

Հայաստան Կ՛ողջունէ ՄԻՆՍՔ-Ի Խմբակի Նախագահներուն Նախաձեռնութիւնը ։


Արձագանգելով ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն տարածած յայտարարութեան` Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ քարտուղար Տիգրան Բալայեան յայտնեց, որ շփման գիծէն արձակազէններու դուրս բերումը թոյլ պիտի տայ խուսափելու միջադէպերէն եւ բարենպաստ մթնոլորտ ստեղծելու տագնապի լուծման հոլովոյթին մէջ:
Իրենց յայտարարութեան մէջ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները խոր մտահոգութիւն յայտնած էին 5 մարտին Սոչիի մէջ տեղի ունեցած եռակողմանի բանակցութիւններէն առաջ եւ ետք Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի շփման գիծին վրայ զինադադարի դրութեան խախտումներուն մասին հաղորդումներուն գծով:
Միջնորդները նշած էին, որ իրենք խնդրած են ԵԱՀԿևի նախագահի անձնական ներկայացուցիչ, դեսպան Անճէյ Քասփրչիքէն հետաքննութիւն կատարել բոլոր կողմերուն մասնակցութեամբ եւ տեղեկացուցած էին, որ յառաջիկայ շաբաթ պիտի մեկնին շրջան` կոչ ուղղելու կողմերուն լիարժէքօրէն մասնակցելու տեղի ունենալիք հետաքննութեան:
Տիգրան Բալայեան նշեց, որ իրենք կ՛ողջունեն ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն այս նախաձեռնութիւնը:
«Հայաստանը եւ Ղարաբաղը բազմիցս դրական արձագանգած են ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի, ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներու, ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահներու կոչերուն` շփման գիծէն արձակազէններու դուրս բերման վերաբերեալ, ինչ որ թոյլ կու տայ խուսափիլ նմանատիպ միջադէպերէ եւ բարենպաստ մթնոլորտ ստեղծել տագնապին լուծման հոլովոյթին մէջ», ընդգծեց Բալայեան:








All the contents on this site are copyrighted ©.