2011-03-11 13:13:40

ԷՋ ՄԸ ՀԱՅ ԵՐԱԺՇՏՈՒԹԵՆԷՆ


Հայազգի ջութակահար Իվան Գալամեան։
20-րդ դարու Իրանահայ մեծ երաժշտագէտ եւ ջութակահար Իվան Ալեքսանտր Գալամեան Ծնած է 1903-ին Թաւրիզի մէջ (Իրան)։
1904-ին ընտանիքով տեղափոխուած է Մոսկուա ուր 1916-էն մինչեւ 1922 կը յաճախէ Մոսկուայի ֆիլարմոնիք երաժշտանոցը՝ աշակերտելով փրօֆ. Կոսդանդին Մոսդրասին։ 1919-ին 16 տարեկանին աւարտելով ջութակի դասընթացքները կը վկայուի։ Հոկտեմբերեան յեղափոխութեան ընթացքին ան կը փոխադրուի Փարիզ ուր իր ուսումը կը շարունակէ Լիւսիէան Կապէի մօտ։ 1937-ին Գալամեան վերջնականապէս կը հաստատուի Ամերիկայի Միացեալ Նահանանգներ ու 1941ին կ՝ամուսնանայ Ճուտիթ Ճոնսընի հետ։ Սկիզբը ան կը դասաւանդէ ֆիլատելֆիոյ Քուրթիս անուան երաժշտանոցին մէջ, որմէ ետք ալ Նիւ Եորքի Ճիւլիարտ Սքուլի մէջ կը ղեկավարէ ջութակի բաժինը։ 1954-ին պատուոյ վկայական կը ստանայ Քուրթիս երաժշտանոցէն, 1966-ին Օպէրլէան քոլլէժէն , 1968-ին Քլէվլէանտ քոլլէժէն ։ 1965-ին պատուոյ անդամ կը դառնայ Լոնտոնի Royal Academy of Music-ին։
Հայազգի երաժիշտ Իվան Գալամեան, ֆրանսական եւ ռուսական դպրոցի լաւագոյն յատկանիշները առնելով կը ստեղծէ ջութակի սեփական կերպ մը որուն մէջ մեծ տեղ կը յատկացնէ Լիւսիէն Կապէի ՜՜աղեղային՝՝ արուեստին։ Իր մեթոտը յետագային կը շարունակէ իր օգնականը Տօրօթէա Տէլէյ (1917- 2002)
Գալամեանի ամենայայտնի աշակերտներն են, Իսհակ Բերլման, Բինչաս Ցուկերման, Սիմոն Սթանտաժ, Չունկ Գիունկ-Վան, վաղամեռիկ Միխայիլ Ռապին, Ալէքսիս Կալբէրին, Ճօշուա Պէլլ, Ճէյմ Լարէտօ եւ Փօլ Ծուկովսքի։
Գալամեանի բազմաթիւ աշակերտներ տարիներ շարունակ պարբերաբար դարձած են միջազգային հեղինակաւոր մրցոյթներու դափնեկիրներ։ Գալամեան հեղինակ է երկու հիմնարար մեթոդիկ գիրքերու, ՜՜Ջութակի նուագի և դասաւանդման հիմունքները և սկզբունքները՝՝ և ՜՜Ժամանակակից ջութակի տեխնիկան՝՝ (երկուքն ալ լոյս տեսած 1962-ին)։
1944-ին ան Նիւ Եորքի՝ Ուէսթբուրդի մէջ կը հիմնէ ամառնային դասընթացքներու դպրոց մը ջութակի համար ՜՜Մէտաումաունթ սքուլ աֆ միւզիքը) եւ կը ստանձնէ այդ դպրոցին մէջ տնօրէնի պաշտօնը մինչեւ իր մահը, որ կը պատահի 1981-ին Նիւ Եորքի մէջ։
Հայազգի ջութակահար ու երաժշտագէտը, իր իսկ հիմնած ամառնային ջութակի դպրոցի խոհանոցի պատին վրայ կախած էր ցուցատախտակ մը որուն վրայ փորագրուած էր Սենեգայի հետեւեալ խօսքը. լատիներէնով "imperare sibi maximum est imperium" . եւ ճիշտ այդ նախադասութիւնն է որ լաւագոյն կերպով կ՝արտայայտէ իր այս դպրոցին սկզբունքները։








All the contents on this site are copyrighted ©.