2011-03-11 14:11:26

Արաբական Երկրամասի Առաքեալական Փոխանորդութեան Եկեղեցական Նոր Կառոյցները։


Ս. Աթոռը, յառաջիկայ 31 մայիսին, Արաբական երկրամասի առաքելական փոխանորդութիւնը երկու մասի պիտի բաժնէ. հիւսիս եւ հարաւ ըլլալով։ Հիւսիսային շրջանը կ՝ընդգրկէ՝ Քուէյթը, Պահրէյնը եւ Քաթարը, (ներառեալ Սէուտական Արաբիան), իսկ հարաւային շրջանը՝ Արաբական միացեալ Էմիրութիւնները, Օմանը եւ Եէմէնը ։ Առաքելական այս փոխանորդութեան տարածքը կաթողիկէ Եկեղեղեցւոյ ամենէն ընդարձակ փոխանորդութիւնն է, հաւատացեալներու թիւը 500 հազար է, 5 միլիոն բնակչութեան վրայ։
2003էն ի վեր, Հիւսիսային շրջանի Առաքելական փոխանորդութիւնը յանձնուած է Գերապայծառ Բոլ Հինտէրի։
Յառաջիկայ 31 մայիսին՝ Գերապայծառ Գամիլլօ Պալլինիին պիտի ստանձնէ հիւսիսային շրջանի հովուութիւնը։ Իսկ գերապայծառ Բոլ Հինտէր նշանակուած է առաջնորդ՝ հարաւային մասին ։








All the contents on this site are copyrighted ©.