2011-03-10 14:48:19

Յիսուսեան Միաբանութեան Կրօնաւորներու Փախստականներու Օգնութեան Կոմիտէն Կոչ Կ՝ուղղէ Եւրոմիութեան Կառավարութիւններուն, Որպէսզի Օգնեն Լիպիացի Փախստականներուն։


Յիսուսեաններու Փախստականներու Oգնութեան Կոմիտէն կոչ ուղղած է Եւրոմիութեան Կառավարութիւններուն խնդրելով որ Լիպիացի փախստականներուն օգնութեան հասնին։
Լիպիայի մէջ կան աւելի քան 11 հազար փախստականներ եւ հարկ է որ եւրոմիութիւնը միասնաբար գործէ լուծելու այս բարդ հարցը։ Փախստականները ենթարկուած են ծանր հարստահարումներու։ Եւրոպական Երկիրներու Կառավարութիւնները կանչուած են ցոյց տալու իրենց յանձնառումը Մարդու արժանապատուութեան եւ իրաւունքի պաշտպանութեան ի խնդիր։ 1951 Փախստականներու Համաձայնագիրը հիմնուած է զօրակցութեան պատասխանատութեան սկզբունքին վրայ։ Եթէ այս սկզբունքը չի յարգուիր, փախստականները կը կրեն անոր հետեւանքները։
Նշենք թէ Յիսուսեաններու Փախստականներու օգնութեան Կոմիտէն կը գործէ 50 երկիրներու մէջ ու կ՛օժանդակէ աւելի քան 500 հազար փախստականներուն։ Անոնց կեդրոնները կը գտնուին Իտալիա եւ Մալթա։








All the contents on this site are copyrighted ©.