2011-03-10 15:02:20

Թէքէյեան Մշակութային Միութեան Գերագոյն Խորհուրդի Այցելութիւնը Արամ Ա. Կաթողիկոսին։


Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսը ,7 Մարտին ընդունեց Թէքէյեան Մշակութային Միութեան Հիմնադիրներու մարմինը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, գլխաւորութեամբ՝ նորընտիր դիւանի ատենապետ Յակոբ Գասարճեանին:
Հանդիպման ընթացքին խօսուեցաւ հայութիւնը հերաքրքրող ազգային թէ եկեղեցական զանազան նիւթերու շուրջ, եւ իբրեւ եզրափակում այցելութեան, Վեհափառը տուաւ իր Հայրապետական օրհնութիւնը եւ յաջողութիւն մաղթեց Թէքէյեան Մշակութային Միութեան եւ անոր ղեկավար անձնակազմին:








All the contents on this site are copyrighted ©.