2011-03-10 14:14:36

՜՜Յիսուս Նազովրեցի -Բ. Հատոր - Երուսաղէմի Մուտքէն Մինչեւ Յարութիւն՝՝։


Այսօր յետ միջօրէին Վատիկանի Մամլոյ գրասենեակի կեդրոնին մէջ տեղի կ՛ունենայ Ժոզէֆ Րացինկէր - Պենետիկտոս ԺԶ. Սրբազան Քահանայապետի ՜՜Յիսուս Նազովրեցի- Բ. Հատոր - Երուսաղէմի մուտքէն մինչեւ Յարութիւն՝՝ վերտառութեամբ գիրքի ներկայացումը զոր կը կատարէ Կարտինալ Մարգ Ուէլլէն` Նախագահը Եպիսկոպոսներու Ժողովին եւ գրագէտ՝ փրոֆ. Գլաուտիօ Մակրիսը։
Նշենք թէ՝ գիրքին թարգմանութիւնը նախատեսուած է 24 լեզուներով։

Գիրքը կը բաղկանայ 9 գլուխներէ՝ որոնցմէ իւրաքանչիւրը նուիրուած է մէկ եղելութեան։ Յառաջաբանին մէջ կը կարդանք թէ Քահանայապետը այս գիրքով ոչ թէ ուզեց գրել ՜՜Յիսուսի Կեանքը՝՝ այլ մեկնաբանել անոր պատգամը։ Կէտնպատակը այս է որ ընթերցանութիւնը դառնայ Յիսուսի հետ հանդիպումի առիթ։

Քահանայապետի գիրքի Առաջին գլուխը նուիրուած է Յիսուսի Երուսաղէմ մուտքին, ուր ամբոխը զինք կ՛ընդունի ցնծութեամբ ՜՜թագաւոր խաղաղութեան, պարզութեան, աղքատներու թագաւոր՝՝ կը գրէ նորին սրբութիւնը։ Յիսուս չի գար յեղափոխականի ուժգնութեան սուրով այլ խաղաղութեան պատգամով, որովհետեւ բռնութիւնը եւ ուժգնութիւնը Աստուծոյ Թագաւորութիւնը չեն հաստատեր, ընդհակառակն զայն կը կործանեն։ Երուսաղէմ մուտքի երկրորդ օրը, Յիսուս Տաճար կ՛երթայ եւ կը վտարէ վաճառականները որոնք կը պղծեն Աստուծոյ տունը։

Երկրորդ գլուխը նուիրուած է Յիսուսի անդենականութեան մասին ճառերուն. ՜՜ Տաճարի կործանումը, Երուսաղէմի կործանումը, Վերջին դատաստանը եւ աշխարհի վերջը՝՝։ Աստուած ուզեց իր շուրջը հաւաքել իր ստեղծագործութիւնը, սակայն անոնց տուաւ նաեւ՝ ազատութիւնը ընտրելու բարիին ու չարին միջեւ։ ՜՜Յիսուսի Գալստեամբ քարաշէն տաճարի ժամանակը կ՛անցնի եւ կը սկսի նոր ժամանակ մը, նոյնինքն Յիսուս՝ Տաճար կը դառնայ՝՝։Յիսուսի սէրը կը ջնջէ աշխարհի մեղքերը։ Աստուած կ՛ուզէ ամէնքը փրկել։

Հատորին Գ. գլուխին մէջ, Սրբազան քահանայապետը կ՛անդրադառնայ ոտքերու լուացումին։ Յիսուս կը մերկանայ աստուածութենէն ու մեզ կը բիւրեղացնէ, մեզ կը դարձնէ արժանի մասնակցելու Աստուծոյ սեղանին։ Աստուծոյ առջեւ ծիսակատարութիւնը չէ որ կը բիւրեղացնէ այլ հաւատքը։ Ապա Պենետիկտոս ԺԶ քահանայապետը դէմ առ դէմ կը դնէ Պետրոսի եւ Յուդա Սկարիովտացիի զղջումի եւ ներում խնդրելու փորձառութիւնը։ Պետրոս ուրացաւ բայց զղջաց ու հաւատաց որ իր Տէրը զինք պիտի ներէ։ Յուդա եւս դաւաճանեց, զղջաց բայց չկրցաւ հաւատալ Տիրոջ անսահման ողորմութեան ու խորասուզուած մնաց խաւարին մէջ։ Յուդայի մէջ կը տեսնենք աշխարհի սպառնալիքը, այսինքն այն անկարողութիւնը մութէն փախչելու եւ դէպի լոյս ուղղուելու։


Չորրորդ գլուխը յատկացուած է, Քահանայական Աղօթքին, ուր կը խօսուի մարդկութիւնը փրկող խաչի ճանապարհին։


Հինգերորդ գլուխը- այս գլուխին մէջ Քահանայապետը կը խօսի ՜՜Վերջին Ընթրիքի՝՝ մասին, անդրադառնալով՝ անոր ճշգրիտ թուականին, հաստատելով՝ թէ գիտական հետազօտութիւն հաւանաբար կրնայ մեզ առաջնորդել դէպի բարձր մակարդակի, բայց երբեք չի հասցներ ստոյգ իրականութեան...եթէ հաւատքը հիմնուէր պատմա-գիտական ստուգութեան վրայ, վերատեսութեան պէտք էր ենթարկուիլ ։ Մեր վստահութիւնը որուն վրայ հիմնուած է մեր իսկ գոյութիւնը, տրուած է մեզի հաւատքի միջոցաւ։ Այն հաւատքը, որ դարերու ընթացքին Սուրբ Հոգիին միջոցաւ առաջնորդած է Եկեղեցին։ Յիսուս վերջին ընթրիքով ուզեց հրաժեշտ առնել իր աշակերտներէն անոնց նոր պարգեւ մը տալով, ինքզինք նուիրեց որպէս գառնուկ` նոր Զատիկ մը հաստատելով։ Եկեղեցին այսօր պարզապէս վերջին ընթրիքը չէ որ կը յիշատակէ այլ ընթրիքի պահուն Տիրոջ հաստատած պատգամը։ Իր փրկարար մահուան յիշատակութիւնը։ Յիսուսի նուիրումը սակայն հիմնուած է Յարութեան վրայ։


Վեցերորդ գլուխը կը խօսի Գեթսեմանիի պարտէզի մէջ Յիսուսի փորձառութեան ուր ան ճանչցաւ առանձնութիւը եւ մարդկային անձկութիւնները։ Հոն է որ կը ստանայ դաւաճանի համբոյրը։ Առաքեալները զինք կը ձգեն ու կը հեռանան։ Հոն է որ Յիսուս իր հօրմէ կը խնդրէ հեռացնել չարչարանքի բաժակը։ Այն չարչարանքը որ զինք պիտի տանէր մինչեւ խաչ, եւ այդ խաչին միջոցաւ պիտի յաղթահարէր մահուան։


Եօթներորդ գլուխ- Յիսուսի դատապարտութիւնը։ Հոս Նորին սրբութիւնը կը մատնանշէ այն իրողութեան, թէ Իսրայէլի ժողովուրդը չէ որ կը պահանջէ Յիսիուսի մահը այլ Տաճարի ազնուական դասակարգը, բացի Նիկոտեմոսէն ու անոնց հետ անշուշտ Բարաբբայի հետեւորդները։ Քրիտոնեաները գիտակից էին որ Յիսուսի արիւնը վրէժխնդրութիւն եւ պատիժ չի պահանջեր, այլ՝ հաշտութիւն։ Այդ արիւնը չթափուեցաւ մէկու մը դէմ, այլ բոլորին համար։ Անիկա անէծք մը չէ, այլ՝ փրկագործութիւն։ Դատավարութեան ընթացքին, Պիղատոս հարց կու տայ ՜՜ Ի՞նչ է իրականութիւնը՝՝։ Առանց իրականութեան մարդ արարածը կարողութիւնը չ՛ունենար հասկնալու ՜՜Կեանքին իմաստը՝՝։ Այսօրուայ բռնապետութիւնները արդեօ՞ք հիմնուած չեն սուտի եւ խաբէութեան վրայ, հարց կու տայ նորին սրբութիւնը, ու կը հաստատէ թէ՝ Ճշմարտութիւնը կարելի է ըմբռնել միայն Յիսուս Քրիստոսի միջոցաւ։

Ութերորդ Գլուխը նուիրուած է Խաչելութեան եւ Յիսուսի Թաղման։Ոչ ոք կը սպասէր Մեսիայի մահը Խաչի վրայ ։ Յիսուսի առաջին խօսքը եղաւ . ՜՜ Հայր ներէ զանոնք որովհետեւ չեն գիտեր թէ ի՞նչ կ՝ընեն՝՝ որով ներում խնդրեց զինք խաչողներուն համար։Յիսուսի այս խօսքերը - կը գրէ նորին սրբութիւնը - բոլոր մարդոց եւ բոլոր ժամանակներու համար մխիթարութիւն են։ Ապա սրբազան քահանայապետը իր խորհրդածութիւնը դկը կեդրոնացնէ ՜՜ Բարի աւազակին՝՝ վրայ, որ խաչին վրայ հասկցաւ թէ Յիսուս իսկական Թագաւոր է։ Բարի աւազակը եղաւ յոյսի տիպարը` Աստուծոյ ողորմութեան հաւաստիքին որ կարող է մեզ ներել նոյնիսկ վերջին վարկեանին։ Այն վստահութիւնը որ մեղաւորը աղօթքով կրնայ ներում Աստուծմէ։



Իններորդ գլուխը յատկացուած է Յիսուսի Յարութեան։ Եթէ չհաւատանք Յարութեան չենք կրնար ըսել որ Քրիստոնեայ ենք, կը գրէ նորին սրբութիւնը։ Յիսուսի Յարութեամբ մարդկութեան նոր կարելիութիւն մը կը տրուի` նոր ապագայի մը յոյսը որ հիմնուած չէ մահուան վրայ այլ Յարութեան։ Աշակերտները ականատես ըլլալով Յարութեան հրաշքին քաջաբար կը վկայեն որ ՜՜Քրիստոս Իրապէս Յարեաւ՝՝։ Աննախնդաց քաջութիւն մը որ կ՝ունենան խաչեալ Վարդապետի մը հետեւորդներուն որոնք ցարդ վախի մէջ կ՝ապրէին։
Յարութիւնը պատմութեան մէջ զետեղուած իրադարձութիւն մըն է, եւ որ պատմութենէն անդին կ՛երթայ։

Վերջաբանը յատկացուած է Յիսուսի Համբարձման ։ Յիսուս երկինք բարձարացաւ եւ կը նստի Հօր աջ կողմը։ Քրիստոնեաները կը սպասեն Յիսուսի երկրորդ գալուստը այն վստահութեամբ թէ ան ՜՜մեր հետն է մինչեւ աշխարհիս կատարածը՝՝։








All the contents on this site are copyrighted ©.