2011-03-09 12:13:32

Մեծ Պահքի Շրջանը - խորհրդածութիւն


Մարտ 7ին սկսաւ Մեծ պահքի 48 օրեայ շրջանը, որ կը յաջորդէ Բուն Բարեկենդանին եւ կը շարունակուի մինչեւ Ս. Յարութեան (Զատիկի) տօնի նախօրէն: Այս տարի Ս. Յարութեան տօնը պիտի նշուի Ապրիլ 24ին:
Պահքի 40 օրը կը խորհրդանշէ անապատի մէջ Քրիստոսի քառասնօրեայ աղօթքի, ծոմապահութեան եւ ապաշխարութեան շրջանը: Իր մկրտութենէն ետք, Յիսուս Քրիստոս անապատ առաջնորդուեցաւ եւ քառասուն օր ենթարկուեցաւ սատանայի փորձութիւններուն. «Չկերաւ ու չխմեց այն օրերուն» (Ղուկ. 4:1-3): Յիսուս ծոմապահութեան ենթարկուեցաւ մարդկութեան փրկութեան համար:
Նշենք, որ պահքի շրջանին կ՛օգտագործեն բացառապէս բուսական սննդամթերք, որուն հետ մէկտեղ նաեւ կը հրաժարին մոլութիւններէ՝ շատախօսութիւն, ստախօսութիւն, հայհոյանք եւ այլն: Կերակուրէն հրաժարիլը, առանց մեղքէն հրաժարելու, իմաստ չունի:
Քառասնօրեայ պահքին կը յաջորդէ Աւագ շաբաթը, որ նոյնպէս պահեցողութեան շաբաթ է, որուն համար ալ քառասնօրեայ կոչուող պահքը կը տեւէ 48 օր: Մեծ Պահքը ունի եօթը Կիրակի, եօթը յիշարժան օրեր՝ Բուն Բարեկենդան, Արտաքսում, Անառակի, Տնտեսի, Դատաւորի, Գալստեան Կիրակի եւ Ծաղկազարդ:
Մեծ պահքի շրջանը այս տարի կէսի կը հասնի Մարտ 30ին, որ կը կոչուի միջինք: Ժողովրդական սովորութեան համաձայն, այդ օրը կը պատրաստուի պահոց գաթա, որուն մէջ տեղադրուած մետաղադրամը յաջողութիւն կը բերէ անոր, որուն բաժին կը հասնի այդ դրամը:
Մեծ պահքի շրջանին արգիլուած են պսակադրութիւնները եւ մատաղը: Վազգէն Ա. կաթողիկոսի շրջաբերականով, խիստ անհրաժեշտութեան պարագային կը թոյլատրուի պսակադրութիւն կատարել Մեծ Պահքի Շաբաթ եւ Կիրակի օրերուն, բացառութեամբ Աւագ շաբթուան բոլոր օրերուն:
Եկեղեցական աւանդութեան համաձայն, գոյութիւն ունի երեք տեսակի պահք:

Աւագ Շաբաթը կ՛ընդգրկէ Փրկիչի երկրային կեանքի կարեւորագոյն վերջին իրողութիւնները՝ յաղթական մուտքը Երուսաղէմ (Ծաղկազարդ), Վերջին Ընթրիքը, Մատնութիւնը, Չարչարանքները, Խաչելութիւնը, Մահը, Թաղումը եւ ի վերջոյ հրաշափառ Յարութիւնը՝ Ս. Զատիկը:








All the contents on this site are copyrighted ©.