2011-03-09 12:48:45

Հոլլանտայի Խորհրդարանը եւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը։


Հոլլանտայի խորհրդարանը պիտի քննարկէ ցեղասպանութեան հրապարակաւ եւ կանխամտածուած ժխտումը պատժելու մասին օրինագիծ մը, որ 2006-ին Քրիստոնէական Միութիւն խմբակցութեան կողմէ ներկայացուած էր Հոլլանտայի Ներկայացուցիչներու տան, եւ մինչեւ այժմ չէր վայելեր մեծամասնութեան աջակցութիւնը եւ անոր կողմէ քննադատութեան կ՛ենթարկուէր: Առարկութիւններէն մէկը կը վերաբերէր այն հարցին, թէ արդեօք այսպիսի օրինագիծ մը անհրաժե՞շտ է, նկատի ունենալով, որ հոլանտական քրէական օրէնսգիրքի խտրականութեան եւ հաւաքական վիրաւորանքի մասին յօդուածները արդէն իսկ բաւարար երաշխիքներ կը նախատեսեն ցեղասպանութեան ժխտման պատժելիութեան համար: Քրիստոնէական միութիւն կուսակցութիւնը վերջերս կազմակերպած էր կլոր սեղան մը, ուր քանի մը խմբաւորումներ մեկնաբանած էին օրինագիծը:

Օրինագիծի հեղինակ Քրիստոնէական Միութիւն խմբակցութիւնը իր պատասխան յուշագիրին մէջ, ի շարս այլոց ընդգծած է ցեղասպանութեան հերքման բացայայտ քրէականացման անհրաժեշտութիւնը` հիմնուելով 28 նոյեմբեր 2008-ի «Պայքար ցեղապաշտութեան եւ այլատեացութեան որոշ ձեւերու ու դրսեւորումներու դէմ քրէական օրէնքին միջոցով» Եւրոպական Միութեան շրջանակային որոշման վրայ: Օրինագիծին մէջ սահմանուած է ցեղասպանութիւն եզրը եւ իբրեւ օրինակ այնտեղ նշուած են Ողջակիզումը, Հայոց Ցեղասպանութիւնը, ինչպէս նաեւ Ռուանտայի եւ Սէպրենիցայի ցեղասպանութիւնները: Կ՛ակնկալուի, որ մինչեւ 2011-ի վերջը օրինագիծը քննարկուի Հոլլանտայի խորհրդարանի լիագումար նիստի մը ընթացքին:








All the contents on this site are copyrighted ©.