2011-03-08 13:08:38

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Ճառը Ընկերային Հաղորդակցութեանց Քահանայապետական Խորհուրդի Լիանիստ Ժողովի Անդամներուն։


Հաղորդակցութեանց արդիական միջոցները ոչ միայն կը բարեփոխեն հաղորդակցութեան ձեւերը այլեւ յեղաշրջումի կ՛ենթարկեն այսօրուայ մշակոյթը` ըսաւ Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը իր խօսքը ուղղելով ընկերային հաղորդակցութեանց քահանայապետական խորհուրդի լիանիստ ժողովի անդամներուն։ Ան աւելցուց թէ՝ տեղեկանալու եւ մտածելու նոր կերպ մը յառաջ եկած է որով փոխյարաբերութեան եւ հաղորդակցութեան թանկագին առիթներ կը հանդիսանան։
Վատիկանեան Տիեզերական Ժողովի սահմանագծով ՜՜արուեստագիտական նոր հրաշալի ստեղծագործութիւնները բարեփոխութեան կ՛ենթարկեն մշակոյթի միջավայրը։ Արուեստագիտական այս ստեղծագործութիւնները ոչ միայն ազդեցիկ կը դարնան հաղորդակցութեան ձեւերուն վրայ, այլ նաեւ մտածելակերպի պարունակութեան։ Եկեղեցին պէտք է սորվի արդի հաղորդակցութեան միջոցներու լեզուի գործածութիւնը` Աւետարանը լաւագոյնօրէն պատուաստելու նպատակով արդիական մշակոյթին մէջ՝՝։

Նորին Սրբութիւնը ապա խօսեցաւ Հաւատքի կարեւորութեան մասին թէ ինչպէս ան կը հարստացնէ եւ ճոխ կը դարձնէ մշակոյթը որ իր կարգին կը դառնայ դէպի հաւատք ուղեւորող միջոց մը։ Հարկ է ուշադիր ըլլալ մեր ժամանակներու մարդոց լեզուին, ըսաւ սրբազան Քահանայապետը, որպէսզի ներգրաւենք Աստուծոյ ծրագիրին իմաստը մեր աշխարհի մէջ։ Ասոր համար, աւելցուց նորին սրբութիւնը, ընկերային հաղորդակցութեանց քահանայապետական խորհուրդի գործունէութիւնը շատ կարեւոր է եւ գնահատաելի, ուսումնասիրելու եւ խորացնելու ՜՜Տիճիդալ Մշակոյթի՝՝ դերը եկեղեցւոյ եւ քաղաքացիական հաղորդակցութեան ներքեւ։ Այս ուղղութեամբ Ընկերային հաղորդակցութեանց քահանայապետական խորհուրդը պարտականութիւնն ունի օգնելու բոլոր պատասխանատու եկեղեցականներուն, հասկնալու, մեկնաբանելու եւ խօսելու լրագրողական ՜՜արդիական լեզուներու՝՝ միջոցաւ որպէսզի լաւագոյն կերպով կատարեն իրենց հովուական առաքելութիւնը։ Նոյնիսկ Յիսուս, օգտագործեց իր ժամանակներու մշակոյթի լեզուն եւ խորհրդանիշերը։ Այսօր ալ կանչուած ենք, յայտնաբերելու նորանոր խորհրդանիշեր եւ փոխաբերութեան իմաստներ, որոնց միջոցաւ արդի աշխարհի մարդոց պէտք է խօսիլ ՜՜Աստուծոյ Թագաւորութեան՝՝ մասին ։
Ապա Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը եզրափակեց իր խօսքը շնորհակալութիւն յայտնելով ընկերային հաղորդակցութեանց քահանայապետական խորհուրդի անդամներուն, հայցելով անոնց վրայ Աստուածամօր բարեխօսութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.