2011-03-08 11:25:33

2011-ը Հայ Մանուկի Տարին( Հռչակուած Արամ Ա.Վեհափառի Կողմէ)
Ընդհանուր ուղեգիծ մանուկներու դաստիարակութեան ։


Մանուկը մեզ ապագային բացող ու առաջնորդող մեր յոյսն է ու ապաւէնը: Եթէ կ’ուզենք պայծառացնել մեր եկեղեցին, հզօրացնել մեր հայրենիքը եւ երաշխաւորել մեր ազգի ապագան, պէտք է դառնանք մանուկին, ու Քրիստոսի պատգամին հետեւելով բարձրագոյն աստիճանի կարեւորութիւն ընծայենք անոր՝ ընտանիքէն ներս, դպրոցէն ու եկեղեցիէն եւ ընդհանրապէս մեր հաւաքական կեանքէն ներս:
Մանուկը չի կրնար ճիշդ ու ամբողջական կերպով արտայայտել իր սպասումները, մտահոգութիւնները, կարիքները, նախասիրութիւնները, իր ցաւն ու ուրախութիւնը: Հարկ է մօտենալ անոր եւ գործնապէս ցոյց տալ թէ ան շրջապատուած է զինք սիրող ու հոգացող անձերով: Հարկ է գտնել մանուկին հետ խօսելու, յարաբերելու ու գործակցելու ճի՜շդ կերպերը:
Մանուկին ապագայ կեանքին առջեւ ճամբայ բացողը իր ծնողքն է եւ ապա՝ դպրոցը ու եկեղեցին: Այդ ճամբու ընթացքին՝ մանուկը կարիքը ունի խնամքի, հարկ է խնամել զինք. մանուկը կարիքը ունի դաստիարակութեան, հարկ է դաստիարակել զինք. մանուկը կարիքը ունի պաշտպանութեան, հարկ է պաշտպանել զինք. մանուկը կարիքը ունի գուրգուրանքի, հարկ է գուրգուրալ անոր վրայ:
Բազմազան ու այլազան չարիքներով լեցուն ներկայ աշխարհին մէջ՝
Անհրաժեշտ է մանուկը դաստիարակել՝ զինք հեռու պահելով վնասաբեր միջավայրերէ, շռայլ կենցաղակերպերէ, շփացած վարուելակերպերէ, այլասերիչ յարաբերութիւններէ, տհաճ խօսակցութիւններէ ու քանդիչ բռնարարքներէ:
Անհրաժեշտ է մանուկը դաստիարակել՝ իր մէջ սիրոյ ու յարգանքի յարաբերութիւն ստեղծելով ծնողներուն նկատմամբ, ընկերներուն նկատմամբ, հակառակ սեռին նկատմամբ, անծանօթին նկատմամբ ու կենսոլորտին նկատմամբ:
Անհրաժեշտ է մանուկը դաստիարակել՝ իր մէջ սէր ու նախանձախնդրութիւն յառաջացնելով մեր հոգեւոր, բարոյական, մշակութային ու ազգային արժէքներուն ու աւանդութիւններուն նկատմամբ. մեր եկեղեցւոյ ու հայրենիքին նկատմամբ. մեր համահայկական ձգտումներուն ու երազներուն նկատմամբ:

Ա՜յս մօտեցումով ու հեռանկարով միայն պիտի կարենանք մանուկին մէջ կերտել վաղուան՝գիտակի՜ց մարդը.ճշմարի՜տ քրիստոնեան եւ յանձնառո՜ւ հայը:








All the contents on this site are copyrighted ©.