2011-03-07 12:47:05

Վարդանանց Տօնակատարութիւն ֆիլատելֆիոյ Մէջ։


ֆիլատելֆիոյ Հայ Քոյրերու Վարժարանին աւանդութիւն դարձած է Վարդանանց տօնակատարութիւնը:
Տարիներ շարունակ աշակերտները կը վերակենդանացնեն Աւարայրի ճակատամարտը բեմին վրայ: Քանի հայը կ՝ապրի, Վարդանանց յիշատակը անմառ կը մնայ անոնց սրտերուն մէջ:
Տօնակատարութիւնը սկսաւ Սուրբ Պատարագով, որ մատոյց Գերապատիւ Տէր Միքայէլ Վարդապետ Պասալէ, ի յիշատակ Վարդանանց նահատակներուն:
Մոնթէսորիի փոքրիկները իրենց անուշ ձայնով երգեցին Վարդանանց երգեր եւ խոստացան արժանի ժառանգորդները մնալ քաջ Վարդանի՝ ծածանելով Վարդան Մամիկոնեանի դրօշը:
Չորրորդէն վեցերորդ դասարանի աշակերտները ներկայացուցին Աւարայրի ճակատամարտը Տղմուտ գետի ափին: Անոնք հանդիսականները փոխադրեցին հինգերորդ դար, կրկին անգամ զօրացնելով անոնց մէջ հայկական ոգին եւ մանաւանդ Աստուծոյ Սէրն ու Սուրբ Հաւատքը:








All the contents on this site are copyrighted ©.