2011-03-07 12:53:13

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Գործունէութիւնը


Նորին Սրբութիւնը Երկուշաբթի 7 մարտի առաւօտեան ժամը 11ին իր գրասենեակի մէջ ընդունեց Կարտինալ Անճէլօ Պանեասքոն՝ նախագահը Իտալական Եպիսկոպոսաց Համահաւաք Դասին անոր հետ միասին շօշափելու՝ եկեղեցւոյ հայող զանազան հարցեր։Իսկ երէկ կիրակի 6 մարտին` Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքի ընթացքին արտասանած ճառին մէջ, Սրբազան Քահանայապետը իր խօսքը կեդրոնացուց Փաքիստանի փոքրամասնութան Նախարար՝ Շահպազ Պհաթթիի սպանութեան վրայ, ըսելով << Տիրոջմէ կը խնդրեմ որ Նախարար Շահպազ Պհաթթիի անձնուիրումը խիղճերը արթնցնէ եւ քաջութիւն ներշնչէ պաշտպանելու համար կրօնական ազատութիւնը։ Ապա նորին սրբութիւնը անդրադարձաւ Լիպիայի ժողովուրդին տառապալից կացութեան, յայտնելով իր մօտիկութիւնն ու աղօթքները անոնց համար, կոչ ուղղելով նաեւ համաշխարհային հանրութեան` օգնելու Լիպիացի ժողովուրդին։








All the contents on this site are copyrighted ©.