2011-03-07 13:39:05

Մետվետեւի, Սարգսեանի եւ Աեիեւի Համաձայնացման Հանդիպումները Շարունակել Նոյն Ձեւաչափով


Սոչիի մերձակայքը գտնուող «Քրասնայա Փոլիանա» լեռնադահուկային առողջարանին մէջ շաբաթ, 5 մարտին տեղի ունեցաւ Մետվետեւ – Սարգսեան – Ալիեւ եռակողմ հանդիպումը:
Կլոր սեղանի շուրջ հանդիպումը՝ Ռուսիոյ նախագահ Տմիթրի Մետվետեւ, Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան, Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ աւելի ուշ շարունակեցին՝ նաեւ ՝՝ոչ պաշտօնական ՝՝մթնոլորտի մը մէջ:
Բանակցութիւններու կեդրոնական հարցը ՝՝ղարաբաղեան հիմնախնդիրի՝՝ կարգաւորումն էր:
Բանակցութեանց իբրեւ արդիւնք երեք նախագահները միացեալ յայտարարութիւն մը հրապարակեցին Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման վերաբերեալ:

Սոյն Փաստաթուղթին մէջ նշուած է, որ երեք նախագահները քննարկեցին 27 հոկտեմբեր 2010-ին Ասթրախանի մէջ տեղի ունեցած նախորդ հանդիպման ժամանակ ընդունուած եռակողմանի յայտարարութեան գործնական իրականացման հարցերը: Մասնաւորապէս, նախագահները համաձայնած են ամէնէն կարճ ժամանակամիջոցին աւարտել ռազմագերիներու փոխանակումը:
Բացի ատկէ, փաստաթուղթին մէջ կ՛ընդգծուի «բոլոր վիճելի հարցերը խաղաղ միջոցներով լուծելու եւ զինադադարի գիծի երկայնքին հաւանական միջադէպերու` կողմերուն մասնակցութեամբ, ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն հովանիին ներքեւ, ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի յատուկ ներկայացուցիչին աջակցութեամբ հետաքննութիւն կատարելու ձգտումը»:
«Նախագահները նշեցին Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման հարցերով իրենց կանոնաւոր շփումներուն, կարեւոր նշանակութիւնը եւ համաձայնեցան զանոնք շարունակել նոյն ձեւաչափով` ի լրումն ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներու աշխատանքին» (նշուած է հաղորդագրութեան մէջ):








All the contents on this site are copyrighted ©.