2011-03-07 13:21:28

Մարոնիներու Սֆէյր Պատրիարքը Լիբանանի Տիրամօր Նուիրուած Հարիսայի Տաճարին Մէջ Նախագահեց Մար Մարոնի Մահուան 1600-ամեակի Նուիրուած Պատարագին։


Մարոնիներու Նասրալլա Սֆէյր հրաժարեալ պատրիարքը, կիրակի 6 Մարտին՝ Հարիսայի Տիրամօր տաճարին մէջ նախագահեց Մար Մարոնի մահուան 1600-ամեակին առիթով մատուցուած պատարագին, որուն ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Պենետիկտոս ԺԶ. պապի ներկայացուցիչը՝ կարտինալ Լէոնարտօ Սանտրին, ինչպէս նաեւ մարոնի եկեղեցւոյ եպիսկոպոսներ:
Պատարագին ընթացքին արտասանած իր քարոզին մէջ Սֆէյր պատրիարքը նկատել տուաւ, որ լիբանանցի ժողովուրդը, հակառակ իր համայնքային տարբերութիւններուն, կը պատկանի Լիբանանին եւ ան շատ աւելի լաւ վիճակի մէջ է, քան զինք շրջապատող երկիրները, որոնք կը գտնուին Միջին Արեւելքի մէջ: Ան հաստատեց, որ Լիբանան մնայուն կերպով պիտի մնայ ապահով երկիր:
Սֆէյր պատրիարքը լիբանանցիներուն գործակցութեան կոչ ուղղեց` շեշտելով, որ բոլոր քաղաքացիները հաւասար են իրենց պարտականութիւններուն եւ իրաւունքներուն մէջ:
Ան դիտել տուաւ, որ ինք բոլորէն նոյն հեռաւորութեան վրայ գտնուած է` աւելցնելով, որ անոնք, որոնք իրենք զիրենք իրմէ հեռու կը զգան, ապա իրենք են, որ հեռացած են:
Ան իր քարոզին մէջ շեշտեց, որ մնայուն կերպով կ՛աղօթէ, որ Աստուած իր բարիքները տեղացնէ Լիբանանի եւ մարոնի համայնքին վրայ:
Սֆէյր պատրիարքը ակնարկելով Մար Մարոնին ըսաւ, որ ան մարոնի համայնքի հայրն է եւ այս տարուան ընթացքին անոր մեծարումը մեծ եւ արտակարգ եղած է: Այս առիթով, ան մաղթեց որ՝ մարոնի համայնքի զաւակները, Աստուծոյ ծառայեն եւ ժողովուրդին սիրով ապրին: Արտերկրի լիբանանցիներու մարոնի համայնքին ուղղելով իր խօսքը` Սֆէյր պատրիարքը մաղթեց, որ անոնք կառչած մնան իրենց հաւատքին եւ լիբանանեան աւանդութիւններուն ու սովորութիւններուն, ինչպէս նաեւ նուիրուած ըլլան իրենց հայրենիքին:
Իր կարգին, կարտինալ Սանտրի խօսելով Մար Մարոնի մասին յայտնեց, որ ան ամբողջ Արեւելքի մէջ եղած է վեհ սուրբ մը, որովհետեւ գետնի վրայ ներկայացուց Յիսուս Քրիստոսի իսկական պատկերը եւ եղաւ Սուրբ Հոգիին ձայնը:Կարտինալ Սանտրի կոչ ուղղեց գերադասելու բաժանումներն ու երկփեղկումը եւ ամրապնդելու երկխօսութիւնը` ժողովուրդներուն եւ տարբեր կրօններուն միջեւ:
Պատարագէն ետք Սֆէյր պատրիարքը եւ կարտինալ Սանտրին ընդունեցին ներկաներուն շնորհաւորութիւնները:








All the contents on this site are copyrighted ©.