2011-03-07 13:21:20

Կիրակի 6 Մարտին, Հոգեհանգստեան Պատարագ Փաքիստանցի Նախարար՝ Շահպազ Պհաթիի Նուիրուած ։


Կարտինալ Ժան Լու Թոռան` նախագահը միջկրօնական քահանայապետական խորհուրդին, հոգեհանգստեան պատարագ մատուցեց Փաքիստանցի Նախարար՝ Շահպազ Պհաթիի հոգւոյն համար, Ս. Պետրոս առաքեալի քահանայապետական դպրեվանքին մէջ , երեկոյեան ժամը 4.30ին։
Նախարար Շահպազ՝ գիտագից էր որ մոլեռանդ մահմետականները կ'աշխատին զինք սպաննել, ան իր կտակին մէջ գրած էր ''ոչ մէկ բանէ վախ ունիմ , ես իմ կեանքս նուիրած եմ Յիսուսին''։Ողբացեալ նախարաը կաթողիկէ ընտանիքի զաւակ էր եւ իր ծնողաց մասին այսպէս գրած է ՜՜ հայրս թոշակաւոր ուսուցիչ մը եղած է, մայրս տանտիկին, զիս դաստիարակեցին քրիստոնէական արժէքներու եւ սուրբ Գիրքի ուսուցումին համաձայն, որոնք մեծ ազդեցութիւն ունեցան իմ վրաս մանկութեանս տարիներուն։ Արդէն մանկութենէս վարժ եմ եկեղեցի երթալու ու խաչեալ Յիսուսին առջեւ աղօթելու։ Յիսուսի սէրէն մղուած աշխատեցայ ծառայել Եկեղեցւոյ եւ օգնութեան հասնիլ Փաքիստանի հալածուած քրիստոնեաներուն։ Կեանքիս ընթացքին բնաւ չփնտռեցի ոչ փառք եւ ոչ ալ իշխանութիւն, իմ միակ իղձս եղաւ Յիսուսի ոտքին տեղ մը գտնել։ Իմ այդ դիրքովս կ'աշխատիմ օգնութեան հասնիլ կարօտեալներուն, աղքատներուն ու հալածուած քրիստոնեաներուն։ Իմ միակ բաղձանքս է որ իմ կեանքս եւ գործերս խօսին Յիսուսի մասին։ Կ'ուզեմ ապրիլ ու մեռնիլ Յիսուս Քրիստոսի համար եւ այսպէս ապրելով օր մը տեղ գտնել Յիսուսի ոտքը ու իմ Տիրոջս նայիլ առանց ամչնալու՝՝։
Կարտինալ Թոռան իր քարոզին մէջ անդրադարձաւ նահատակին նուիրեալ կեանքին, համեստութեան ու իր առաքելութեան մեծութեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.