2011-03-07 13:41:11

Թուրքիա Չինաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարի Ծիծեռնակաբերդ Այցելութեան Առնչութեամբ Բացատրութիւն Կը Պահանջէ



Չինաստանի արտաքին գործոց նախարար Եան Ճիեչիի անցեալ 16եւ 17 փետրուարին Հայաստան իր պաշտօնական այցելութեան ծիրին մէջ Ծիծեռնակաբերդ այցելութիւնը ու հոն Ծաղկեպսակ զետեղումը անհանգստացուցած է Թուրքիան:
Թրքական«Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը Ճիեչիի Ծիծեռնակաբերդ այցելութեան առնչութեամբ որոշ բացատրութիւններ ստանալու համար հեռաձայնած է Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւն, ուր թրքական գործակալութեան տեղեկացուցած են, որ « Չինաստանի նախարարը իր այցելութեան ընթացքին բարեկամական հանդիպումներ ունեցած է Հայաստանի ղեկավարներուն հետ»:
Պատասխանելով թրքական «Անատոլու»լրատու գործակալութեան այն հարցումին, թէ «նախարար Ճիեչին երեւանեան այցելութեան ընթացքին այցելած է 1915-ի դէպքերու առնչութեամբ կառուցուած յուշակոթող: Արդեօք ատիկա չի՞ նշանակեր, որ Չինաստանը հարցին առնչութեամբ փոխած է իր դիրքորոշումը», Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ գրասենեակի ներկայացուցիչը յայտարարած է ըսելով . «Ինչպէս Հայաստանը, այնպէս ալ Թուրքիան Չինաստանի բարեկամ երկիր է: Չինաստանը կը գիտակցի, որ երկու երկիրներուն միջեւ գոյութիւն ունին պատմական խնդիրներ եւ երկու երկիրներու այդ հարցերուն առնչութեամբ ունեցած դիրքորոշումները արժանի են ուշադրութեան, եւ Չինաստանը ուշադրութիւն կը հրաւիրէ այդ հարցերուն»:








All the contents on this site are copyrighted ©.