2011-03-06 10:59:59

Մարոնի Համայնքի Նոր Պատրիարքին Ընտրութիւնը Եպիսկոպոսական Ժողովը Պիտի Սկսի Յառաջիկայ 9 Մարտին


Մարոնիներու Նասրալլա Սֆէյր պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ նախագահեց Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդի նիստին, որուն ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան ազգային եւ հոգեւոր հարցեր։
Նիստէն ետք գերապայծառ Եուսեֆ Թոք կարդաց խորհուրդին հրապարակած հաղորդագրութիւնը, որուն մէջ նշուեցաւ, թէ նկատի ունենալով Սֆէյր պատրիարքին հրաժարականը եւ Վատիկանի կողմէ այդ հրաժարականին ընդունուիլը, մարոնի համայնքի նոր պատրիարք մը ընտրելու ժամկէտը կը սկսի յառաջիկայ 9 մարտ 2011-ին, երբ Պքերքէի դռներուն փակուելէն ետք, երեկոյեան ժամը 6։00-ին, կը սկսի Մարոնի եպիսկոպոսական ժողովը։
Մարոնի եպիսկոպոսական ժողովին պարտականութիւնն է ընտրել մարոնի համայնքի 77-րդ պատրիարքը։
Այս առիթով Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդը արժեւորեց եւ ողջունեց Սֆէյր պատրիարքին զոհողութիւններն ու անոր ի գործ դրած ջանքերը՝ ի խնդիր Լիբանանին եւ անոր անկախութեան։
Թոք յայտնեց նաեւ, որ Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդը ողջունած է նաեւ Մար Մարոնի մահուան 1600-ամեակին առիթով անոր յուշարձանը Հռոմի Ս. Պետրոսի անուան հրապարակին վրայ զետեղելու Վատիկանի նախաձեռնութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.