2011-03-06 10:57:14

Հնդկաստանի Եպիսկոպոսներու Կանոնական Հնգամեայ Այցը Ս. Պետրոսի Յաջորդին։


Հնդկաստանի եպիսկոպոսներու առաջին խումբը՝ 21 մարտէն մինչեւ 11 ապրիլ 2011, կանոնական հնգամեայ այցը պիտի կատարէ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին ։ Հնդկաստանի շուրջ 160 եպիսկոպոսները իրենց վերջին այցը կատարած էին 2003ին։ Այս առթիւ երջանկայիշատակ Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետը դատապարտած էր Հնդկաստանի դասակարգային անարդար դրութիւնը, որ կը մերժէ ճանչնալ խումբի մը՝ համայն անհատներու մարդկային արժանաւորութիւնը։ Նշենք թէ Հնդկաստանը կը հաշուէ 69 միլիոն քրիստոնեաներ մէկ միլիառ բնակչութեան վրայ։








All the contents on this site are copyrighted ©.