2011-03-05 12:20:13

ՔԱՇԱԹԱՂԻ 600 ԸՆՏԱՆԻՔՆԵՐ ՆԻՒԹԱԿԱՆ ՓՈԽԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՊԻՏԻ ՍՏԱՆԱՆ ։


Արցախի պետութեան կողմէ Քաշաթաղի վերաբնակեցման եւ ազատագրուած տարածքներուն մէջ գիւղատնտեսութեան զարգացման նպատակներուն սատարող
«Արցախ Ռուց Ինվեսթմընց» (ԱՐԻ) ընկերութիւնը, որ հիմնուած է ներդրումներ կատարելու Քաշաթաղի վերաբնակեցման աշխատանքին մէջ, արձանագրած է հսկայ յաջողութիւն մը, որուն հիման վրայ կարելի պիտի ըլլայ նիւթական փոխատուութիւններ ապահովել Քաշաթաղի բնակչութեան մաս կազմող 600 ընտանիքներուն:
ԱՐԻ ընկերութիւնը, որ սեղմ ջանքերով կրցած է իբրեւ սկզբնական աշխատանք 16 ներդրողներով 100 ընտանիքներու վարկեր ապահովել, նախորդ քանի մը օրերուն ընթացքին իր կազմակերպած աշխատանքային հանդիպումներուն ընթացքին կրցած է ներդրումներու գումարը հասցնել շուրջ 2 միլիոն տոլարի, որով կարելի պիտի ըլլայ նաեւ 500 ընտանիքներու վարկ տրամադրել:
ԱՐԻ-ի ներդրող անդամներուն թիւը բարձրացնելու նպատակով, ընկերութիւնը Լիբանան հրաւիրեց Արցախի վարչապետ Արա Յարութիւնեանը, որ ԱՐԻ-ի անդամներուն հետ գործակցաբար հանդիպումներ ունեցաւ լիբանանահայ գործարարներու հետ:
Հանդիպումներուն ընթացքին կարելի եղաւ ընդարձակել լիբանանահայ ներդրողներուն թիւը, որուն շնորհիւ վարկերու կարիքը ունեցող Քաշաթաղի երկու հազար հինգ հարիւր բնակիչներէն վեց հարիւրին կարելի պիտի ըլլայ տրամադրել նիւթական փոխատուութիւններ` ի խնդիր Արցախի եւ յատկապէս ազատագրուած տարածքներու գիւղատնտեսութեան զարգացման:








All the contents on this site are copyrighted ©.