2011-03-05 12:40:37

Ռատիովատիկանի Տնօրէն Հայր ֆետերիգօ Լոմպարտիի Շաբաթական Խմբագրականը - Նուիրուած Փաքիսթանի Փոքրամասնութեանց Նախարարի Սպաննութեան ։


՜՜Քրիստոնեան Եւ Մահմետականը՝՝ Խորագրով։
Երկուքն ալ սպաննուեցան միեւնոյն պատճառին համար։ Երկուքն ալ դէմ էին հայհոյանքի կանոնին։ Կանոն մը որ ինքնին հահոյութիւն մըն է, որով Աստուծոյ անունով անարդարութիւն եւ մահ կը պատճառէ։ Սակայն մին Իսլամ էր, Կառավարիչ` Սալամ Թազիր Փունժապին եւ միւսը քրիստոնեայ, Շահպազ Պհաթթի՝ Փաքիսթանի Փոքրամասնութեանց Նախարարը։Երկուքն ալ գիտակից էին որ իրենց կեանքը վտանգուած էր։ Բայց եւ այնպէս չհրաժարեցան պայքար մղելէ վասն կրօնի ազատութեան` ի դէմ ուժգնող կրօնամոլութեան եւ արեան գնով վճարեցին իրենց այս պայքարը։
Անցեալ յունուար ամսուայ ընթացքին, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը դիւանագիտական մարմնին յղած իր պատգամին մէջ, նշեց քաջ մահմետական Թազիրի նահատակութիւնը։ Մի քանի շաբաթ առաջ Պհաթթին յայտարարած էր <<աղօթեցէք ինծի համար։ Ես անձ մըն եմ որ իր նաւակը այրեց իր ետեւ։Չեմ կրնար եւ չեմ ուզեր ետ դառնալ իմ այս պարտականութենէս։ Պիտի պայքարիմ ծայրահեղութեան դէմ ու պիտի պաշտպանեմ քրիստոնէութիւնը մինչեւ մահ>>։
Անոր դիմագիծը այսօր կը փայլի որպէս ՜՜Հաւատքի եւ արդարութեան արիասիրտ վկայ մը՝՝ ։ Մինչ երկու այս սպաննութիւնները կը խռովեն մեր հոգիները միեւնոյն ժամանակ անոնք կը ներշնչեն յոյսի կայծ մը, տեսնելով թէ քրիստոնեայ մը եւ մահմետական մը իրենց արիւնը թափեցին միեւնոյն դատին համար։ ՜՜Կեանքի երկխօսութենէն՝՝ կ՛անցնինք ՜՜Մահուան Վկայութեան երկխօսութեան՝՝ արեան գնով, որպէսզի Աստուծոյ անունը գերի չդառնայ անարդարութեան։
Աստուածապաշտ Թազիրի եւ Պհադիի կեանքի եւ մահուան յուզող յիշատակով` պիտի շարունակենք պայքարիլ , եւ եթէ հարկ է՝ մեռնիլ կրօնի ազատութեան, արդարութեան եւ խաղաղութեան համար։
Ապա հայր Լոմպարտին կ՛եզրափակէ իր խմբագրականը անդրադառնալով յառաջիկայ հոկտեմբեր ամսոյն մէջ Ասիզիի մէջ գումարուելիք խաղաղութեան ի նպաստ այլ կրօնապետերու հանդիպումին ու հարց կու տայ << Կա՞յ արդեօք նահատակութենէն աւելի զօրեղ քաջալերանք մը, որ մեզ մղէ քալելու դէպի Ասիզիի սրբավայրը>>։









All the contents on this site are copyrighted ©.