2011-03-05 12:21:02

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին Խօսքը Փիլիպպեան Կղզեխումբի Եպիսկոպոսներուն`


՜՜Միջկրօնական Անկեղծ Երկխօսութիւնը Կ'ենթադրէ Յարգանքը Բոլոր Հաւատացեալներուն։
Ամէն անհատ ստեղծուած է Աստուծոյ պատկերին ու նմանութեան համաձայն անկախ իր հաւատքէն։
Փիլիպպեան կղզեխումբի եպիսկոպոսներուն ուղղած իր ճառին մէջ, Սրբազան Քահանայապետը ընդգծեց թէ՝ երկխօսութիւնը այլ կրօններուն հետ կը մնայ իր գլխաւորութիւններէն մէկը։ Եկեղեցին կը յարգէ այն ամէն ինչ որ ճշմարիտ եւ բարի է այլ կրօններու մէջ եւ խոհեմութեամբ ու եղբայրսիրութեամբ կ'աշխատի հաստատելու անկեղծ ու բարեկամական երկխօսութիւն մը այդ կրօններու հաւատացեալներուն հետ երբ անիկա կարելի է, եւ այս ամէնը՝ յարեց Նորին Սրբութիւնը, համայն մարդկութեան փոխադարձ հասկացողութեան ու բարիքին համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.