2011-03-05 12:19:22

Զանգակներու Օրհնութիւնը, Եւ Օծում՝ ֆրանսայի Սան Շամոն Քաղաքի Հովուական Եւ Մշակութային Հայ Կեդրոնի Եկեղեցիին։


Սան Շամոնի մէջ, Հինգշաբթի 3 մարտ 2011-ին, տեղի ունեցաւ ՜՜նոր եկեղեցւոյ զանգակներուն օրհնութիւնը՝՝ :
Առաւօտեան ժամը 11-ին, մեծ թիւով հայեր արդէն հաւաքուած էին նոր եկեղեցւոյ բակին առջեւ՝ ներկայ ըլլալու արարողութեան որ սկիզբ առաւ՝ երբ արհի. Գրիգոր եպ. Ղապրոյեան՝ առաջնորդը Ֆրանսայի hայ կաթողիկէ համայնքին, ընկերակցութեամբ Սենդ Էդիէնի լատինաց արքեպ. արհի. Տոմինիք Լը Պրանին, մուտք գործեցին եկեղեցւոյ բակը , իրենց շուրջ ունենալով Ֆրանսայի հայ կաթողիկէ Եկեղեցւոյ կղերը, քաղաքին լատին եւ հայ առաքելական եկեղեցիներու ժողովրդապետները:
Սան Շամոնի եկեղեցւոյ ժողովրդապետը՝ գեր. հայր Անդրանիկ Ադամեան ողջունեց ներկաները եւ շնորհակալութիւն յայտնեց Աստուծոյ նախախնամութեան, ու նաեւ հայ կաթողիկէ առաջնորդին, որ տարիներէ ի վեր կ’աշխատի այս կեդրոնին կառուցման համար, նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց հոգեւորականներուն եւ հաւատացեալներուն իրենց աջակցութեան եւ ներկայութեան համար:
Ապա տեղի ունեցաւ զանգակներու օրհնութեան արարողութիւնը Սաղմոսով: Արհիապատիւ գերապայծառը սկսաւ օրհնեալ ջուր թափել նոր զանգակներուն վրայ, ըսելով. «Ասոնց ձայնի ազդեցութեամբ, ո՛վ Տէր, տուր որ հիւանդութիւններու մէջ գտնուողները, լսելով ասոնց հնչիւնը, յիշեն Քու ահեղ եւ Սուրբ Անունդ եւ խնդրեն ողորմութիւն, որպէս զի լսես եւ թեթեւցնես եւ փարատես իրենց բոլոր ցաւերը»:
Ապա սուրբ Միւրոնով օրհնեց առաջին զանգակը որ կոչեց ՜՜հաւատոյ՜՜ զանգակը, որմէ ետքը լատիններու՝ Տոմինիք Լը Պրան Եպիսկոպոսը օրհնեց երկրորդ զանգակը զայն կոչելով ՜՜յոյսի՝՝ զանգակը: Իսկ վերջին զանգակը որ կոչուեցաւ ՜՜սիրոյ՝՝ զանգակը օրհնուեցաւ Սան Շամոնի ժողովրդապետ՝ հայր Անդրանիկ Ադամեանի ձեռամբ:
Արարողութեան ընթացքին, խօսք առաւ արհի. Գրիգոր եպ. Կապրոյեան, որ յուզումով եւ ուրախութեամբ, յայտարարեց հայ կաթողիկէ սիրելի ժողովուրդին թէ Աստուած մեզի հետ էր, մեզի օգնեց որ ՜՜Իր Տունը Շինուէր եւ ձեզի նուիրուէր որպէսզի զինքը փառաբանէք եւ սիրէք, եւ շէն պահէք այս կեդրոնը՝՝: Ապա Տոմինիք Լը Պրան եպիսկոպոսը շնորհակալութիւն յայտնեց Գերապայծառին որ զինք հրաւիրեց յոյսի զանգակը օրհնելու: «Մենք քրիստոնեաներս յոյսով է որ կ’ապրինք», ըսաւ ան «մեծ յոյսով կը սպասենք Եկեղեցւոյ բարգաւաճումը եւ յաղթանակը»: Ան ողջունեց նահանգի երեսփոխան՝ Տիար Ֆրանսուա Րոշպլուանը, Սան Շամոնի քաղաքապետ՝ Տիար Ֆիլիփ Քիզիրեանը եւ հաւատացեալները: Խօսք առաւ նաեւ ժողովրդապետութեան ատենապետը որ իր ուրախութիւնն յայտնեց այս եկեղեցական եւ մշակութային կեդրոնին իրականացման: Շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց որոնք աշխատեցան այս կեդրոն ունենալու երազը իրականութիւն դարձնելու համար գործողներուն, մանաւանդ Ֆրանսայի թեմին առաջնորդ՝ արհի. Գրիգոր եպ. Կապրոյեանին:
Ժամահարներու Օրհնութեան Եւ Օծման արարողութենէն ետք՝ բոլոր ներկաները մասնակցեցան օրուայ ճաշկերոյթին որ պատրաստուած էր եկեղեցւոյ խորհուրդին անդամներուն կողմէ:











All the contents on this site are copyrighted ©.