2011-03-04 13:25:48

Սկովտիոյ Մէջ Բացուած Է Հայկական Մշակոյթի Ցուցահանդէսը:


Փետրուար 11ին, Էտինպըրկի Սկովտիոյ ռուսական հիմնարկին մէջ (Scotland Russia Institute) բացուած է հայ մշակութային ցուցահանդէս մը, որ կազմակերպուած է Լոնտոնի մօտ Հայաստանի դեսպանութեան ու «PRO ART» ընկերութեան միացեալ ջանքերով:
Ցուցահանդէսը պիտի տեւէ մինչեւ Մարտ 20. ընթացքին կը ցուցադրուին Հայաստանը ներկայացնող հանրայայտ հայ լուսանկարիչներու գործեր, ինչպէս նաեւ՝ բրիտանահայ գիտնական Վրէժ Ներսիսեանի կողմէ Լոնտոնի Բրիտանական գրադարանէն բերուած հայկական մանրանկարներու հաւաքածոն:








All the contents on this site are copyrighted ©.